Ներսէս Գասապեան

Ներսէս Գասապեան (ծնած 6 (19) Հոկտեմբեր 1904[2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][1] - 6 Մարտ 1985(1985-03-06), Փլովտիւ, Պուլկարիա[1])։ Կրթութիւնը ստացած է Խորենեան, ապա Կեդրոնական վարժարաններու մէջ։ 1922-ին գաղթած է Պուլկարիա, հաստատուած է Փլովտիւ քաղաքը։ Աշխատած է «Հայ մամուլ», «Մասիս», «Արեւելք», «Բազմավէպ»,պարբերականևերու եւ շարք մը տարեգիրքերու։ Գրած է «Պուլկարահայ գաղութի ընդարձակ պատմութիւնը»։ Կազմած է Պուլկարիոյ մէջ գտնուող հայերէն ձեռագրերու ցուցակը՝ «Ցուցակ հայերէն ձեռագրաց ի Պուլկարիա» վերնագիրով, որոնք լոյս տեսած են «Հանդէս ամսօրեայի» 1941-47-ի թիւերուն մէջ։ Մեռած է 1985 թուականին Պուլկարիոյ Պլովտիւ քաղաքին մէջ[3]։

Ներսէս Գասապեան
Ծնած է 1904
Ծննդավայր Կ. Պոլիս
Մահացած է 1985
Մահուան վայր Փլովտիւ, Պուլկարիա[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Պուլկարիայի թագաւորութիւն
 Պուլկարիայի Ժողովրդական Հանրապետութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Ազգային Կեդրոնական Վարժարան[2]
Մասնագիտութիւն բանասէր, մատենագիր

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել