Ներսէս Ներսէսեան
Ներսէս Ներսէսեան (1902-1980), հրապարակագիր։
Ծնած է | 1902 |
---|---|
Ծննդավայր | Կեսարիոյ Ֆէնէսէ գիւղը |
Մահացած է | 1980 |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | լուսափորագրութիւն |
Ամուսին | Արշալոյս Արզումանեան |
Երեխաներ | 2 |
Ծնած է Կեսարիոյ Ֆէնէսէ գիւղը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի Ռուբինեան վարժարանը. ապա 1914-ին հօրը հետ կ'երթայ Նիւ Եորք, ուսումը հոն շարունակելու նպատակով։ Վեց ամիս ետք Ֆէնէսէ կը վերադառնան։ 1915–ի եղեռնի օրերուն կ'աքրսորուին Սուրիոյ անապատները։ Աքսորի ճամբուն վրայ կը կորսնցնէ իր հարազատները։ Ինք եւ եղբայրը կ'որդեգրուին արաբ ընտանիքներու կողմէ։ Համաշխարհային պատերազմը չլրացած կը յաջողի փախչիլ Պոլիս:
1920-ին տիթրոյթաբնակ ազգականի մը օժանգակութեամբ Ամերիկա կու գայ։ Կը հաստատուի Տիթրոյթ եւ կը հետեւի լուսափորագրութեան արուեստին։
1927-ին կը մեկնի Յունաստան, այցելելու համար աքսորէ ազատուած քրոջ ընտանիքին եւ եղբօրը։ Այնուեհետւ կ'անցնի Եգիպտոս եւ կ՚ամուսնանայ հայրենակից Արշալոյս Արզումանեանին հետ։ Միասին կը վերադառնան Տիթրոյթ եւ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով։
Ներսէս Ներսէսեան ինրնաշխատութեամր ծանօթացած է հայ եւ օտար հեղինակներու գրական գործերուն։ Կ'աշխատակցի թերթերու, գրական եւ հասարակական յօդուածներով։
Ունեցած է ազգային բազմարդիւն գործունէութիւն մը։ Իր օժանդակութիւնը բերած է էվէրէկ-Ֆէնէսէի մեծածաւալ յիշատակարան հատորի պատրաստութեան եւ հրատարակութեան գործին։ Ծառայած է Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցւոյ որպէս ծխական խորհուրդի անդամ՝ 6 տարի։ Նոյնքան տարի եղած է դպրոցի խնամակալութեան անդամ, ինչպէս նաեւ հայերէնի ուսուցիչ։1975-ին Էվէրէկ եւ Ֆէնէսէ ընկերակցութեան Տիթրոյթի մասնաճիւղը, առ ի գնահատանք Ներսէսեանի աւելի քան 50 տարիներու բերած հայրենակցական ծառայութեան, հանդիսաւոր հաւաքոյթի մը ընթացքին յուշատախտակ մը յանձնած է։
1961–ին այցելած է Մայր Հայրենիք։ Նոյն թուականին հրատարակած է «Հայրենի յուշեր» հատորը, որուն մէջ ամփոփուած են պատմուածքներ, բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, ծննդավայրի բարբառով գրուած երգիծական էջեր։ Յետ մահու, անոր այրին հաւաքած է ամուսնոյն գրութիւնները «Ամբողջական երկեր» խորագրուած հատորով (1991)։ Ներսէսեան իրապաշտ ու հարազատ ոճով կը նկարագրէ իր ծննդավայրին՝ Էվէրէկ-Ֆէնէսէի մէջ ապրած հայ ժողովուրդին բարքերը եւ 1914-1915–ի արհաւիրքի օրերէն դրուագներ։ կու տայ նաեւ ամերիկահայ կեանքէ իրական պատկերներ։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՍփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։