Նեփալ, պաշտօնապէս՝ Նեփալի Դաշնային Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն (նեփալերէն नेपाल)։ Պետութիւնը կը գտնուի հարաւային Ասիոյ Հիմալայներու մէջ։ Սահմանակից է Հնդկաստանի եւ Չինաստանի։

Նեփալ
Նեպալի դրոշ? Զինանշանը


Կը ներառնէ Karnali Province?, Sudurpashchim Province?, Koshi Province?, Madhesh Province?, Բագմատի Պրադեշ?, Gandaki Province? եւ Lumbini Province?
Պետական լեզու նեպալերեն?[1]
Մայրաքաղաք Քաթմանտու
Օրէնսդիր մարմին Parliament of Nepal?
Երկրի ղեկավար Ram Chandra Poudel?
Կառավարութեան ղեկավար Pushpa Kamal Dahal?
Ազգաբնակչութիւն (2013 թ,) 30 430 267
Խտութիւն 199 մարդ/կմ²
Կրօնք Հինտուիզմ[2], Պուտտայականութիւն[2], Իսլամութիւն[2], Kirat Mundhum?[2], քրիստոնէութիւն[2], Պրակրիտներ?[2] եւ Bon?[2]
Օրհներգ Sayaun Thunga Phulka?
Կարգախօս «Մայրը եւ հայրենիքը երկնային արքայութիւնէն թանկ են»
Հիմնադրուած է 28 Մայիս 2008 թ.
Արժոյթ Նեփալեան Ռուպի
Ազգային տօն Republic Day?
Ժամային համակարգ UTC+05:45?, Nepal Standard Time? եւ Asia/Kathmandu?[3]
Հեռաձայնային համակարգ +977
Համացանցի յղում .np?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,602[4]
nepal.gov.np

Աշխարհագրութիւնը

Խմբագրել

Տեղադրութիւնը

Խմբագրել

Նեփալը կը գտնուի Ասիոյ մէջ եւ սեղմուած է աշխարհի ամէնաշատ բնակեցուած երկու պետութիւններու միջեւ։ Հիւսիսը կը գտնուի Թիպեթը՝ ՉԺՀ-ի ինքնավար մարզը, իսկ հարաւը կը գտնուին արեւմուտքէն արեւելք Նեփալը սահմանակից է Ուտտարանչալ, Ուտտար-Պրադեշ, Բիխար, Հիւսիսային Պենկալիա, Սիկքիմ հնդկական նահանգներուն։

Հիւսիսէն Նեփալը սահմանակից է Մեծ Հիմալայեան լեռնաշղթային, որ յայտնի է 8000մ-էն բարձր քանի մը գագաթներով։ Անոնցմէմէ ամէնաբարձրն է Էւերեսթը (8848մ)՝ աշխարհի ամէնաբարձր լեռը։

Նեփալի ամէնացած կէտը կը գտնուի 70 մ բարձրութեան վրայ։ Նեփալի տարածքին աւելի քան 40 %-ը կը գտնուի աւելի քան 3000 մեթր բարձրութեան վրայ։ Անոր համար ալ Նեփալը կը համարուի ամէնաբարձրադիրը աշխարհի մէջ։

Բնակչութիւնը

Խմբագրել
  • Բնակչութեան թիւը - 28,95 միլիոն (Յուլիս 2010-ի դրութեամբ)
  • Տարեկան աճը - 1,4 % (պտղաբերութիւնը՝ 2,5 ծնունդ մէկ կնոջ)
  • Կեանքի միջին տարիքը - տղամարդոց համար՝ 64,6, կանանց համար՝ 67
  • ՄԻԱՎ վարակակիր - 0,5 % ( 2007 թուականի դրութեամբ)
  • Քաղաքային բնակչութիւնը - 17 %
  • Գրագիտութիւնը - տղամարդոց 62,7 %-ը եւ կանանց 34,9 %-ը (ըստ 2001 թուականի մարդահամարի)։

Մշակութա-ցեղային Նեփալը կը ներկայացնէ իրմէ հարիւրաւոր ազգերու եւ քասթաններու խառնուրդը։ Քասթաններու սահմանները, ինչպէս կանոն, թափանցիկ են եւ որեւէ քասթային սահմանի պատկանելիութիւնը կախուած է նաեւ դիտորդի ընդունուած աւանդոյթներէն։ Նեփալի բնակչութիւնը կը խօսի եօթանասուն տարբեր լեզուներով եւ բարբառներով։

Ազգագրութիւնը

Խմբագրել

Նեփալի ժողովուրդները կը պատկանին սինո-թիպետեան (թիպետօ-պիրմայեան խումբ) եւ հնդեւրոպական ընտանիքներու խումբերուն։ Քիչ չեն այն ժողովուրդները, որոնք կը հանդիսանան փախստականներ, նուաճողներ կամ վերաբնակներ։ Բնակչութեան 49 %-ի մայրենի լեզուն կը հանդիսանայ նեփալերէնը։ Միւս տարածուած լեզուներէն են մայտհին (12,4 %), պհոճփուրին (7,6 %), թհարուն (5,9 %), թամանկը (5,2 %), նեւարին (3,6 %) եւ մակարին (3,4 %)։

Ըստ պաշտօնական տուեալներու բնակչութեան 90 %-ը հինտուիսդներ են։ Ըստ անկախ հաշուարկներու, հինտուիզմի կողմնակիցներ են անոնց միայն 70 %-ը կամ աւելի քիչ։ Այս կը շեղի այն պատճառով, որ կան բազմաթիւ ազգերու ներկայացուցիչներ, որոնք, թէեւ պաշտօնապէս կը յայտարարեն իրենց հաւատարմութիւնը հինտուիզմին, բայց իրականութեան մէջ կ'ընդունին կամ Անիմիզմ, կամ Պուտտայականութիւն։ Այնուամենայնիւ, հինտուիզմը Նեփալի գերիշխող կրօնն է։ Բնակչութեան 11 %-ը ինքզինք կը համարէ պուտտայական, յատկապէս Մուսթանկի Թագաւորութեան մէջ։ Գոյութիւն ունին նաեւ փոքրամասնութիւններ, որոնք իսլամներ են, քիրանտներ եւ կը պատկանին առանձին անիմիսթական հաւատալիքներու։

Նեփալի մասին նկարներ եւ լուսանկարներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 7 // (unspecified title)
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 https://nepal.unfpa.org/sites/default/files/pub-pdf/Population%20Monograph%20V02.pdf
  3. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
  4. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.