Նէսիպ Աբգարիոս
Էմին եւ Նեսիպ Աբգարիոս եղած են յայտնի անձնաւորութիւններ: Երկուքն ալ աւարտած են Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի դեղագործական բաժինը։ Այս երկուքէն երկրորդը՝ Նէսիպ, յետոյ ուսանեցաւ օրէնսդրութիւն եւ որպէս փաստաբան՝ շրջանաւարտ եղաւ Փարիզէն, 1912-ին
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆէսիպ որպէս դեղագործ նախ աշխատեցաւ Եգիպտոս, Սուտան եւ Օնտուրամի անգլիացիներէն գրաւուելէն յետոյ ասպարէզ տրուեցաւ իրեն աշխատելու քաղաքական մարզի մէջ։ Ահա այն ատեն է որ գաղափարը յղացաւ փաստաբան ըլլալու, բան մը որ մեծ յաջողութեամբ գլուխ հանեց։
խարթումի մէջ (Սուտան) մեծ ասպարէզ չգտնելով, Նէսիպ հաստատուեցաւ Եգիպտոս, ուր եւ մնաց բաւական ժամանակ, շատ կարեւոր պաշտօն վարելով Արդարադատութեան Նախարարութեան մէջ։
1919-ին, երբ Պաղեստին անգլիացիներու կողմէ գրաւուեցաւ, տեղական դատարանները կազմակերպելու պաշտօնը իրեն յանձնուեցաւ, գործ մը զոր մեծ ձեռնահանութեամբ գլուխ հանեց երեք տարուայ ընթացքին։ 1922-Ին հրաժարելով իր Պաղեստինի կառավարական պաշտօնէն, Երուսաղէմէն հաստատուելով գործեց որպէս փաստաբան եւ իրաւաբանական խորհրադատու Պաղեստինի կառավարութեան։ Այս ուղղութեամբ մեծ համբաւ վաստկեցաւ եւ հարստութիւն դիզեց։ Իր մահէն տարիներ յետոյ ալ տակաւին զինք կը ճանչնան Նէսիպ Պէյ Աբգարիոս անուամբ։ Մեռաւ Սեպտեմբեր 8, 1946-ին։ ճանչցուեցաւ որպէս ուղղամիտ եւ շատ կարող փաստաբան մը, բարեկամներու հիացման եւ հակառակորդներու նախանձին արժանանալով։ Պաղեստինի ամէնաբարդ եւ կարեւոր դատերը իրեն կը յանձնուէին։ Դատարանին մէջ ինքզինք կը պարտադրէր թէ՛ դատաւորներուն եւ թէ փաստաբաններուն։ Դատական հարցերու շուրջ իր խորհուրդը փնտռուած եւ յարգուած էր։
1886-ին եգիպտական բանակին մէջ աշխատեցաւ որպէս դեղագործ, Սուտանի վերագրաւման կռիւներուն մասնակցեցաւ սկիզբէն մինջեւ Օնտուրամի անկումը՝ 1898-ին։
Բանակէն դուրս եկաւ 1910-ին եւ Սուտանի կառավարութեան մէջ կարեւոր պաշտօն մը ստանձնեց։ 1916-ին աշխատեցաւ Եգիպտոսի կառավարութեան մէջ, որպէս խորհրդատու։ Բանակին մատուցած իր ծառայութեանց համար «Վիքթօրիա» շքանշանը տրուեցաւ իրեն եօթը օղակով, իւրաքանչիւր օղակին վրայ գրուած՝ մասնակցած ճակատամարտներուն անունը եւ վայրը։ Ստացաւ նաեւ «Մէճիտիէ»-ի շքանշանը։ Եգիպտական կառավարութեան պաշտօնէն հրաժարելէն յետոյ, ստացաւ նոյնպէս Պէյի տիտղոս։
Գրական մարզի մէջ, Ույզի Սթէրիի՝ Սուտանի կառավարական գլխաւոր դատաւորին հետ անգլերէնի թարգմանեց անհատի վերաբերեալ մահմետական օրէնքը, ինչ որ Անգլերէնով կը կոչուի Բըրսնէլ Սթաթիւթ։ Ասիկա իր տեսակին մէջ միակն է։
Նէսիպ Աբգարիոս կը խօսէր անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, եբրայերէն եւ քիչ մըն ալ գերմաներէն։ Երաժշտութեան սիրահար մըն էր եւ լաւ ջութակահար մը։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Հայերը Լիբանանի Մէջ», Սիսակ Յ․ Վարժապետեան, Պէյրութ 1951, էջ 146-148։