Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան
Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան, ժողովրդական ճարտարապետութեան, ազգագրութեան եւ գիւղական կենցաղի թանգարան, Դումանի ծննդավայր Արցախի Ղշլաղ գիւղին մէջ[1]։ Ընդգրկուած է Ծաղկաշատի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։
Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | հուշային թանգարան? |
Երկիր | Արցախի Հանրապետութիւն |
Տեղագրութիւն | Ծաղկաշատ (Արցախ) |
39°58′26″N 46°43′01″E / 39.9739°N 46.7169°E | |
Պատմութիւն
ԽմբագրելՏեղակայուած է Ասկերանի շրջանի Ծաղկաշատ գիւղին մէջ (Ղշլաղ), Ստեփանակերտ-Գանձասար մայրուղիի 22-րդ քիլոմեթրին վրայ։ Անիկա կը ներկայացնէ 19-րդ դարու բնակելի շինութիւններու համալիր, վերականգնուած է բնագրաբնոյթ նիւթերով։ Գլխաւորաբար անոնք շինարարական արուեստագիտութեան լաւագոյն աւանդոյթները իրենց մէջ առած, փորագրուած փայտեայ պատշգամբներով, երկյարկանի տուներ են։ Պատշգամբներու փայտեայ ժանեակները, հմտօրէն փորագրութեամբ պատուած սիւներն ու փայտամածները կ՚առանձնանան իրենց անկրկնելիութեամբ։ Ազգագրական թաղամասի տարածքին մանրակրկիտ ճշդութեամբ ներկայացուած են ղարաբաղցիներու 19-րդ դարու կենցաղի ու կեանքի պայմանները։ Իրապաշտօրէն վերականգնուած է ներսի մասը, կահոյքը, տնտեսութեան եւ կենցաղի առարկաները, իրական նմուշներ՝ հաւաքուած շրջակայ գիւղերէն։
Ազգագրական թանգարանի տարածքին տեղակայուած 19-րդ դարու վերջի եւ 20-րդ դարու սկիզբի հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական շարժման հերոսներէն մէկուն՝ Նիկոլ Դումանի (Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեան) տուն-թանգարանը։ Տուն-թանգարանի դահլիճներէն մէկը նուիրուած է անոր կեանքին ու գործունէութեան։ Այստեղ կը ցուցադրուին քարտէզներ, հայկական ազատագրական շարժումը լուսաբանող գծագրեր, հայրենիքի ֆետայի պաշտպաններու սխրագործութիւնները։ Առանձին վահանակ տրամադրուած է 1905-1906 թուականներուն Պաքուի մէջ հայ-թաթարական ընդհարումներուն, երբ ի շնորհիւ Նիկոլ Դումանի բացառիկ ռազմական տաղանդին, բուռ մը վատ զինուած հայ կամաւորականներու յաջողութիւն արձանագրուեցաւ պաշտպանել Պաքու քաղաքի հայկական բնակչութիւնը, ներկայիս Ազրպէյճան մայրաքաղաքի քրիստոնէական մասը կողոպտած ազրպէյճանական մոլեռանդ ամբոխի մոլեգին յարձակումներէն։
Ցուցադրութիւն
ԽմբագրելԴահլիճին մէջ կը ցուցադրուի հայ ֆետայիներու օգտագործած 19-րդ դարու զէնքի իրական նմուշներ, այլ ռազմական պարագաներ։ Թանգարանի տարածքին վերականգնուած է համապատասխան դարաշրջանի տնտեսական կառոյցներ։ Յաճախորդները կրնան ոչ միայն տեսնել աւանդական թոնրատունը (հացի փուռ), այլեւ փորձած իրենց աչքի առջեւ նոր թխուած աւանդական ղարաբաղեան հաց՝ թոնիրի հաց եւ աւանդական մառանին մէջ (գինիի նկուղ) համտեսել տեղական գինիի տեսակներ եւ թութի օղի։
Գորգա-ջուլհականոցին մէջ կարելի է տեսնել թէ ինչպէս հնագոյն միջոցներով ժամանակակից ջուլհակագործները կը գործեն հիանալի ղարաբաղեան գորգեր։
Միջոցառումներ
ԽմբագրելԱզգագրական թաղամասի տարածքին յաճախ յայտնի խումբերու կողմէ կը կազմակերպուին աւանդական եւ դասական երաժշտութեամբ համերգներ։ Կը կազմակերպուին նաեւ Ղարաբաղի գիւղի 19-րդ դարու կեանքն ու կենցաղը ցուցադրող զգեստաւորուած ազգագրական ցուցարութիւններ։ Թանգարանը կ՚աշխատի առանց հանգստեան եւ տօն օրերու[2]։
Հասցէ
ԽմբագրելՊատկերասրահը կը գտնուի Արցախի Ասկերանի շրջանի Ծաղկաշատ գիւղին մէջ։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «“Նիկոլ Դումանի Տուն-Թանգարանի Եւ Ղշլաղ Գիւղի (Արցախ) Մշակոյթի Կեդրոնի Բացումի Նկարներ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2007-02-07։ արտագրուած է՝ 2020-08-19[permanent dead link]
- ↑ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան