Նիկողոս Էսմէրեան

Նիկողոս Էսմէրեան (1860, Սկիւտար - 3 Դեկտեմբեր 1910), հայ ակնաբոյժ։

Նիկողոս Էսմէրեան
Ծնած է 1860
Ծննդավայր Սկիւտար, Թուրքիա
Մահացած է 3 Դեկտեմբեր 1910(1910-12-03)
Մասնագիտութիւն ակնաբոյժ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Էսմէրեան կանուխէն կորսնցնելով ծնողքը, ինքնօգնութեամբ ու աննկուն աշխատութեամբ հետզհետէ յառաջացած է։ Իր նախնական կրթութիւնը ստանալէ վերջ, Բ. Դռան մէջ երկրորդական պաշտօնի մը կը մտնէ, բայց այդ պաշտօնական սեղմ կեանքը չկրնալով յագուրդ տալ իր մտքի թռիչքին, ասդին անդին կ'իյնայ ասպարէզը փոխելու համար։

Իր ընտանեկան բարեկամին՝ Նշան էֆ. Ղուկասեանի խորհուրդով, որ հայ բժիշկներուն եւ քիմիաբաններու մեծագոյն մասին առաջնորդը եղած է, կը մտնէ Կայս բժշկական վարժարանը եւ յաջողութեանբ իր ընթացքը աւարտելէ վերջ կը մեկնի Փարիզ։ Հոն բախտը իր դիմաց կը հանէ մարդասէր եւ համակրելի վարպետ մը՝ Տոքթ. վէքէր, Փարիզի ամէնէն նշանաւոր ակնաբոյժը, որուն հրամանին եւ թեւարկութեան ներքեւ, ութը տարի անընդհատ կը կիրարկէ բժշկութեան աէնափափուկ ճիւղը՝ ակնաբուժութիւն։ Ֆրանսացի վարպետը այնչափ կը համակրի երիտասարդ հայուն, որ անոր անձին վրայ տեսնելով իր իսկական յաջորդը, որեւէ գաղտնիքը չի խնայեր անկէ եւ իր իսկ ներկայութեան ամէնակնճռոտ գործողութիւններ կատարել կու տայ էսմէրեանին։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Պոլիս վերադառնալը եւ հանրածանօթ դառնալը գրեթէ 6 ամիս չտեւեց եւ արդէն էսմէրեան օրուան մարդն էր՝ բժշկական աշխարհին մէջ։ Իր յաջողութիւնները չսահմանափակուեցան միայն Թուրքիոյ մէջ, որուն բոլոր կողմերէն յուսահատ հիւանդներ կու գային իրեն, այլ քանիցս մասնաւորապէս հեռագրով հրաւիրուեցաւ Եգիպտոս, բարձրաստիճան հիւանդներու համար։

Վարպետին եւ աշակերտին յարաբերութիւնները այնքան մտերմական էին, որ Տոքթ. էսմէրեան Պոլիս հաստատուելէ եւ նախանձելի դիրք մը գրաւելէ ետքն ալ, ամէն տարի ամրան եղանակին, անպատճառ Փարիզ կ'երթար, որովհետեւ Տոքթ. Վէքէր օդափոխութեան երթալուն առթիւ, մի միայն էսմէրեանին կրնար վստահիլ իր բոլոր հիւանդները, որոնց մեծագոյն մասը ազնուապետական դժուարահաճ ընտանիքներէ կու գային։

Պոլիս հաստատուելէն վերջ ամուսնացաւ Գառնիկ էֆ. Յակոբեանի աղջկան հետ, որ Տոքթորին արժանաւոր ընկերուհին եղաւ։ Տոքթ. էսմէրեանի մասնագիտութիւնը դարագլուխ մը բացաւ Պոլսոյ միջազգային բժշկութեան մէջ եւ հայերէն աւելի շատ օտարներն էին, որ փութացին օգտուիլ եւ հրապարակել հայ հանճարը։

Էսմէրեան կը մահանայ 3 Դեկտեմբեր 1910-ին, Գատը գիւղի մէջ եւ կը թաղուի տեղւոյն գերեզմանատունը։

Իր բարեսէր եւ ազնիւ բնաւորութիւնը սիրելի դարձուցած էին զինքը եւ աղքատները երախտագէտ էին իրեն, որովհետեւ անխտիր կը դարմանէր բոլորը եւ շատ անգամ անկարողներուն ալ նոյն իսկ դեղ կու տար՝ անվճար։

Աղբիւր

Խմբագրել
  • Յիշատակարան, Վ. Գ. Զարդարեան, Ա. հատոր, Կ. Պոլիս 1910, էջ 309: