Նշան Գալֆայեան

Հայ ճարտարագէտ, երկրագործ, հանրային գործիչ։

Նշան Գալֆայեան (16 Ապրիլ 1865(1865-04-16), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Յունուար 1933(1933-01-17), Թեհրան, Իրան), ճարտարագէտ, երկրագործ, հանրային գործիչ։ 1924-ին տեղափոխուած է Յունաստան, 1927-ին գացած է Իրան որպէս շահի կալուածներու գիտական ճիւղի պետ: Ընտրուած է ֆրանսական ակադեմիայի թղթակից անդամ[1]:

Նշան Գալֆայեան
Ծնած է 16 Ապրիլ 1865(1865-04-16)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Յունուար 1933(1933-01-17) (67 տարեկանին)
Մահուան վայր Թեհրան, Իրան
Ուսումնավայր Սկիւտարի Ճեմարան
Պէրպէրեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն Խմբագիր

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Պոլիս։Ննախնական կրթութիւնը ստաած է Սկիւտարի ճեմարանին մէջ, ապա յաճախած է Պէրպէրեան վարժարանը, աւարտած 1882 թուականին, մեկնած է Ֆրանսա եւ ուսած Երկրագործական բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ։

Վերադառնալով Պոլիս, պաշտօնավարած է երկրագործական վարժարաններու մէջ։ Յօդուածներ տպագրած է թէ՛ եւրոպական, թէ Ճափոնի մէջ հրատարակուող շերամապահական հանդէսներու մէջ։

1904-1906 թուականներուն Պոլսոյ մէջ խմբագրած է «Ռեսիմլի զրաաթ ղազեթասը» պատկերազարդ թրքերէն շաբաթաթերթը։

Աշխատակած է «Արեւելք» թերթին։ Ապա պաշտօնավարած է Կարին քաղաքի Սանասարեան վարժարանին մէջ։ 1910 թուականին թուրք գիւղատնտես Սուլէյման Պէյի հետ հրատարակած է «Զրաաթ թաքվիմի» պարբերականը։

Սերտօրէն կապուած եղած է հայ հասարակական կեանքի հետ։ 1924 թուականին տեղափոխուած է Յունաստան, աշխատած է իր մասնագիտութեամբ։ 1927-ին հրաւիրուած է Իրան իբրեւ շահի կալուածներու գիտական ճիւղի պետ։

Ֆրանսական մամուլին մէջ գրած է շարք մը յօդուածներ։ Ընտրուած է ֆրանսական ակադեմիայի թղթակից անդամ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել