Նշան Յ. Մուրատեան

նշան Յակոբի Մուրատեան( 1 Մայիս 1908, Մարգարա (ՀՍՍՀ-ի Հոկտեմբերեանի շրջան, 27 Յուլիս 1982, Սեւան), հայ գրականագէտ, քննադատ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1943 թուականէն։


Պատկեր:Nshan Muradyan.jpg
Ծնած է 1 Մայիս 1908
Մահացած է 27 Յուլիս 1982
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Գրականագէտ

Կեսագրութիւն

Խմբագրել

Մուրատեան իր միջնակարգի ուսումը կ'աւարտէ 1932-ին երեւանի Կրուպսկայի անուան դպրոցէն։ Այնույետեւ 1929-1932 իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Վարդենիսի Կամոյի շրջաններու դպրոցներուն մէջ։

1933-1945 իբրեւ գիտաշխատող պաշտօն կը ստանձնէ Երեւանի գրականութեան թանգարանին մէջ։ 1944 հեռակայ կարգով կ'աւարտէ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանը։

1947-1953 կը վարէ Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան թատրոնի գրական բաժինի վարիչի պաշտօնը, ապա «Հայֆիլմ» հիմնարկի մէջ կը ստանձնէ խմբխգրի աշխատանք։

1965 «Յովհաննէս Յովհաննիսեանի Արուեստը» խորագրով իր թեզի պաշտպանութենէն ետք կը ստանայ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճանը։

1967-ին կը սկսի իբրեւ աւագ գիտաշխատող եւ կը պաշտօնավարէ ՀՍՍՀ գիտութիւններու ակադեմիայի արուեստի համալսարանի մէջ։

1976-ին կը պաշտպանէ «Աբովեանի Պոէտիկան» վերնագրով իր աւարտաճառը ու կ'արժանանայ պատմական գիտութիւններու դոկտոր աստիճանին։

Գիտական-ստեղծագործական աշխատանքին զուգահեռ, Նշան Մուրատեան 1940-1947 կը մասնակցի Միքայէլ նալպանտեանի երկերու լիակատար ժողովածուի եւ 1964-1968 Յովհաննէս Յովհաննիսեանի երկերու լիակատար ժողովածուի ակադեմական հրատարակութիւններուն։ Ան նաեւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Շէյքսպիրի ու անոր մասին՝ Հայաստանի մէջ հրատարակութեան պատրաստուած բոլոր հատորներու խմբագրութեան ու հրատարակութեան աշխատանքներուն։

Նշան Մուրատեանի աշխատասիրութիւններէն առանձին հատորով Լոյս տեսած են.

Իրմէ անտիպ կը մնան Շէյքսպիրական երկու հատորներ՝ «Շէյքսպիրի կեանքն ու գործը» եւ Շէյքսպիրի Տիպերի հանրագիտարանը»։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս» Հատոր Ժ, խմբագիր Երուանդ Քասունի, Պէյրութ 1982-1984