Նշան Նորիկեան, ծնած է Ակն, 1801 թուականին: Իր հայրը Ակնայ մեծատուներէն սեղանաւոր մահտեսի հաճի Նորուկ աղա, կրցեր էր անցեալ դարուն սկիզբը վարժապետներ գտնել, Նշանին կարդալ, գրել, հաշուել եւ թրքերէն սորվեցնելու համար։

Նշան Նորիկեան
Ծնած է 1801
Մահացած է 20 Յուլիս 1866(1866-07-20)

Երիտասարդ հասակին Պոլիս եկած է եւ անկէ ճամբորդած է Դամասկոս, Բերիա, Պէյրութ, Էրզրում, Արշիպեղագոսի կղզիները, Իզմիր եւ Եգիպտոս եւ այդ առիթով Նշան աղա շատ բան տեսեր, շատ բան լսեր էր, ուսումնասիրած էր մարդիկը, անոնց բարքերը եւ փոխանակարգի առեւտուրէն սկսելով մինչեւ սեղանաւորութեան տանելու աստիճան զարգացուցէր էր իր նիւթական վիճակը: Միւս կողմէ իր առօրեայ յարաբերութիւնները եւ ճամբորդութիւնները կրթեր էին իր ճաշակը եւ զինքը զարգացուցեր էին։

Իբրեւ առաջնակարգ սարաֆ Պոլիս հաստատուելէ ետքն ալ զբաղած էր տասնորդներու (Աշար) յանձնառութիւններով (Իլթիզա), որ ատենօք սարաֆներուն գլխաւոր զբաղմունքն էր։

Հոգեկան բարեմասնութիւններով օժտուած, յաջողութեան մէջ խոնարհ եւ բարեկամին՝ հաւատարիմ, մեծին ու փոքրին՝ յարգամատոյց, նախապաշարումներէ զերծ եւ իր դարը կանխած մարդ մըն էր Նշան աղա, ինչպէս կը վկայեն ժամանակակից ծերեր։

Իրեն այցելող բարեկամներու կեանքով կը հետաքրքրուէր եւ անզգալաբար կ'ուզէր հասկնալ իր բարեկամին վիճակը: Երբ հասկնար թէ անիկա նիւթական նեղութեան մէջ կը գտնուէր, անմիջապէս անոր ապրուստի գործ մը կը գտնէր, յանձնարարելով իր որեւէ մէկ բարեկամին։

Աղքատասէր ու բարեսիրտ, շատ աղքատներու արցունքը սրբած էր եւ երբ ընդհանրապէս սեղանաւորներէ շատեր իրենց պարտպահանջներով նեղած են, ինք միշտ ներող եղած է եւ մանաւանդ, երբ ան հայրենակից էր, փոխանակ թողելու խանին մէկ անկիւնը, իր տունը հիւրնկալած է ամիսներով ու տարիներով, կատարեալ քրիստոնեայի մը անշահախնդրութեամբ։

Բաժին մը օգուտ հանել ուրիշին համար, ազգին համար, իր ժամանակէն, իր ազդեցութենէն եւ գործունէութենէն: Այս էր եղած իր հաճոյքը. բարիքը կ'ընէր բարիքին համար եւ չկար մէկը որ ամէնափոքր վնաս մը կամ զրկանք մը տեսած ըլլար իրմէ։

Ցուցամոլութենէ կը խորշէր եւ մոլեռանդ չըլլալով՝ անխտրական էր. իբր ժամանակին ճէնթլմէն կանուխէն առած էր sport-ի ճաշակը եւ որքան անվրէպ նշանառու, նոյնքան ալ կտրիճ ձիավար մը եղած էր։

Իշխան-աղայութեան փափաքներ երբեք չէր ունեցած, ժողովներու հոգեբարձութիւններու, խնամակալութիւններու միշտ անդակամցած է եւ չէ մերժած որեւէ ազգային պաշտօն, այն համոզմամբ, թէ անհատը պէտք է ծառայէ ազգին։

Ազգային դաստիարակութեան գործին հաւատացող եւ ուսումնասէր ըլլալուն՝ իր բնակած թաղերուն մէջ կրթական խնամակալութեան գլուխ կը դնէին զինքը. այսպէս ըրած էին Սարրաֆ Ճանիկ եւ Մաքսուռ ամիրաները, երբ Նշան աղա Խանգիւղէն Օրթագիւղ փոխադրած էր իր բնակութիւնը։

Չէր կրցած մերժել անոնց առաջարկը եւ իբրեւ փոխանորդ Մաքսուտ ամիրայի՝ կը նախագահէր խնամակալութեան մը, որուն անդամ նշանակուած էին նաեւ Ճանըմեան Յովհաննէս, Պապայեան Յովսէփ, Սինանեան Գրիգոր, Նուրեան Գաբրիէլ, Եուսուֆեան Տիգրանիկ եւ այլք։

Սաղմոս, Գործք Առաքելոց, Նարեկ, քիչ մըն ալ Փէշտիմալճեան քերականութեան դաս կը տրուէր անկէ առաջ Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ։ Նոր խնամակալութիւնը նոր ծրագիրի մը համաձայն, կանոնաւոր դասընթացք մը ապահովեց, նոր ուսուցիչներ բերուեցան, որոնցմէ մէկը Միրզա Վանանդեցի յատկապէս Իզմիրէն կանչուեցաւ իբրեւ տնօրէն եւ ուսուցիչ։

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի այդ շրջանը (1857-1859) փայլուն եղած է բաղդատմամբ անցեալին եւ արդիւնքը շատ գոհացուցիչ եղած է թաղին մանուկներուն համար, բայց հոգարձութեան ջանքը թաղեցիները ջլատեցին. դժգոհ էին, որով թաղեցիներու պատգամաւորութիւն մը կը ներկայանայ խորհրդարան եւ ծեծը որպէս պատիժ դպրոցին մէջ կը պահանջէ վերահաստատել։

Որովհետեւ Նորիկեան ժողված էր վարժարանին սրահին թաթերըՙ չպուխները եւ ֆալախանը, այդ տանջանքի տգեղ գործիքները ու տարած նետած էր վառած կրակարանին մէջ։

-«Ծեծ կ'ուզենք» ըսեր էին այդ կրթասէր պատգամաւորները, «չենք ուզեր որ ծեծը վերցուի մեր դպրոցէն»։

Ծեծը վարժարանէն աքսորել, նորութիւն մըն էր Օրթագիւղի համար, ինչպէս կը յաւակնէր որակել զայն եկեղեցւոյ աւագերէցը՝ Տէր Գալուստ քահանան, ակնարկելով Նշան տղային, որ Խասգիւղէն Օրթագիւղ փոխադրուելէն ետքն ալ, չէր բաժնուած իր բարեկամ տաներէցէն՝ Տ. Գէորգ Արծրունի քահանայէն, որ այն ատենները աւետարանական մըն էր նկատուած մոլեռանդ դասակարգէն, անոր համար որ իր ծուխերուն կը յանձնարարէր աշխարհաբար Աւետարան կարդալ։

Նշան աղա եւ իր ընկերները ստիպուեցան քաշուիլ վարժարանի խնամակալութենէն եւ վարժարանը ինկաւ իր փայլուն վիճակէն։

Նշան Նորիկեան ատենապետ ընտրուեցաւ Ազգ. Տնտեսական խորհուրդին 1863 թուականին: Այդ առթիւ էր որ հիւանդանոցի պարբերական նորոգութեանց վերջ դնելու համար ընդարձակ նորոգումի դժուարին գործին ձեռնարկեց եւ կրցաւ գլուխ հանել զայն յաջողութեամբ։

Մինչեւ այն ատեն Պէզճեան ամիրայի շինած հիւանդանոցը նորոգութիւն չէր եղած եւ փլելու վտանգին ենթարկուած էր։ Այդ մեծ նորոգութիւնը ազգային ամէնէն մեծ եւ կարեւոր աշխատանքը եղած է 1863- 1864 թուականներուն։

Այս մասին նոյն ատենուան հոգեբարձութեան պաշտօնական տեղեկագրէն կը քաղենք.

Ամէն տարի հիւանդանոցի շէնքին նորոգութեան համար մեծ գումարներ ծախք կ'ըլլար եւ դարձեալ միեւնոյն հին ու տձեւ շէնքն էր։ Հիմնական նորոգութեան մը հարկը զգալի եղաւ։ Այս անհրաժեշտ պէտքը Տնտեսական խորհրդոյ ատենապետ մեծապատիւ Նորիկեան էֆէնտին զգալով՝ Հոգեբարձութեանս առաջարկութեան վրայ եւ վարչութեան գիտութեամբ ազգասիրաբար յանձնառու եղաւ այս նորոգութեան հոգն իր վրայ առնել եւ գլուխ հանել՝ ազգասէր եւ առատաձեռն անձանց կամաւոր նուէրներուն ապաւինելով։

Ուրախութեմաբ կը լսենք թէ Մեծ. Նորիկեան Նշան էֆէնտին յաջողեցաւ այս ծանր ու դժուարին գործը գլուխ հանել եւ ազգին ձեռքը յանձնել գրեթէ նոր կառուցուած հաստատուն շէնք մը, ըստ որում այսօր հիւանդանոցը բոլորովին կերպարանափոխ եղած է ներսով ու դրսով նորոգուած ու ներկուած, պատուհաններն ամբողջապէս նորէն շինուած. շէնքին բաժանումներն ու սանդուխներն աւելի կանոնաւորուած, բակերն եւ պարտէզները երկաթէ վանդակներով շրջապատել՝ մաքուր ու զարդարուն, մէկ խօսքով տխուր ու քայքայեալ շէքնի մը տեղ ուր ամէն կողմէն ձիւնն ու անձրեւը ներս կը տեղար, հաստատուն, վայելուչ եւ զուարթատեսիլ շէնք մը յաջորդած է, աւելի համաձայն ողջապահիկ կանոնաց, ուստի հոգաբարձութիւնս անհրաժեշտ պարտք կը համարի հրապարակաւ յայտնել իր խորին շնորհակալութիւնը ինչպէս Նորիկեան Նշան Էֆէնտիին, որբ գլուխ տարաւ, նոյնպէս եւ այն ամէն ազգասէր անձանց, որոնց ձեռնտուութեամբ այս բարեգործութիւնը գլուխ ելաւ։


Ասիկա մեծ յաջողութիւն մըն էր, որուն մէջ բաժին ունեցաւ Նորիկեան, գուցէ ինք չկարենար բոլոր ժրաջանութեամբ յաջողիլ այսպիսի ձեռնարկի մը իրականացնել, եթէ Երամեան Գէորգ Պէյի անզուգական տիկնոջ Էպրու հանըմին վեհանձն առատաձեռնութիւնը չըլլար: Տիկին Երամեան, իբր խնամակալուհի, ազգին որբերուն մեծ գումարներ նուիրելէ զատ, յօգուտ հիւանդանոցի հարիւր հազար դահեկանի մօտ գումար մըն ալ դրաւ Նշան աղայի տրամադրութեան տակ, այն օրէն որ այս վերջինը ձեռքէ առաւ տիկինը իր բարեգործութեամբ եւ ներշնչեց ուրիշներու ալ, որոնք փութացին իրենց լուման տալ սոյն բարենպաստ գործին։

Խոր ծերութեան չհասած՝ 65 տարեկան հասակին, 1866 Յուլիս 20-ին մեռաւ եւ իր յուղարկաւորութիւնը Խասգիւղ կատարուեցաւ, ուր Ներսէս Վարժապետեան եւ Նար Պէյ սրբազանները իրենց ամէնէն պերճախօս դամբանականները խօսեցան։

«Այս գործը միայն բաւական էր իր յիշատակը օրհնութեամբ յաւերժացնելու»: (Մասիս թիւ 754) Փնջիկ իր երրորդ թիւին մէջ կը գրէ «Նշան աղայի մահը չէ թէ իր բոլոր ազգականաց, այլ ընդհանուր ազգիս համար ցաւալի է»:

«Անիկա ազգին համար բաւական աշխատած է, ազգային պաշտօններու մէջ գտնուած եւ պարտականութիւնները ամենայն սիրով կատարած է...»:

«Ժամանակ» իր 94 րդ. թիւին մէջ խօսելով Նորիկեանի մասին, ի միջի այլոց հետեւեալ տողերը կը գրէ. «Այնպիսի ժամանակի մէջ ասանկ գործ մը գլուխ հանելը պարզապէս մեծագործութիւն» համարելով։ Ազգը որ ասանկ լեզուագէտ անձերու պէտք ունի, իրաւունք ունի յիշեալ մեծագործ Նշան աղային մահուան համար տրտմելու։

Նշան աղա գրած է փոքրիկ տետրիկ մը «Տեղեկագիր Ազգ. Հիւանդանոցի նորոգութեան 1864- 1865, տպգր. Մէհէնտիսեան, Պօլիս»:

Այն ատեններէն ի վեր հիւանդանոցը վերաշինուած է բոլորովին, բայց պատմութիւնը չի հիննար: Ուզեցինք յիշել այս բարեգործ անձը մեր Յիշատակարանին մէջ, արժանի տեսնելով զինքը զետեղել հոս, քանի որ իր ջանքերը եւ ազդեցութիւնները զուտ հանրային եղած են։ Իր արժանաւոր զաւակն է Մկտիչ Էֆ. Նորիկեան՝ գրագէտ եւ պետական մարդը, նախկին հիւպատոս Ամերիկայի եւ որ գրական յօդուածներ ալ ունի հրատարակած 1884- 1886 թուականին, Մասիսներու մէջ։

Աղբիւրներ

Խմբագրել