Նշան Յովսէփ Պագ(գ)ալեան (1872, Տիգրանակերտ - 1915, Խնուս), հայ բժիշկ։

Նշան Պագալեան
Ծնած է 1872
Ծննդավայր Տիգրանակերտ
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Խնուս, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Պէյրութի ամերիկեան համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Խնուսի զին­ուո­րա­կան հի­ւան­դա­նո­ց
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 1872 թուականին Տիգրանակերտ, հայ առաքելական ընտանիքի մէջ։

Աւարտած է Այնթէպ գոլէճը եւ ստացած «պսա­կա­ւոր արուես­տից» վկայական։ 1914 թուականին աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժիը։ Եղած է ՀՅԴ–ի անդամ։

1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Խնուսի զինուորական հիւանդանոցին մէջ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած։ Բուժելով եւ խնամելով հիւանդանոցի զինուորները, յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերած է հայերուն, զոր թուրք բժշկապետին համար անհաճոյ էր։ 1915 թուականին սպանուած է իր պաշտօնակից բժշկապետի կողմէն՝ Խնուսի մէջ, 43 տարեկան հասակին։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ.Պոլիս, 1919։
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, Ապրիլ 24, 1985։
  • Հայրապետեան Վ., Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Ե., 1990։
  • Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալպոմ-ատլաս, Բ. հատոր, Գոյամարտ, 1914-1925, Լոս Անճելըս, 2001։
  • Քէստենեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, “Ազ­դակ”, 01-11-2012։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։