Նորայր Էլսայեան

Նորայր Էլսայեան (23 Օգոստոս 1934(1934-08-23), Արաք, Իրան - 30 Մարտ 2021(2021-03-30)), իրանահայ վաստակաւոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործիչ, դաշնակցական գաղափարական նուիրեալ եւ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի երկար տարիներու գլխաւոր խմբագիր[1]։

Նորայր Էլսայեան
Նորայր Էլսայեան
Ծնած է 1934
Ծննդավայր Արաք, Պարսկաստան
Մահացած է 30 Մարտ 2021(2021-03-30) (86 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն Իրան, Հայաստան
Ազգութիւն հայ
Մասնագիտութիւն ազգային-հասարակական եւ կրթական գործիչ
Վարած պաշտօններ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նորայր Էլսայեանը ծնած է 1934 թուականին Արաք քաղաքին մէջ։ Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը՝ Թեհրանի պետական համալսարանի պատմութեան ֆակուլտետին մէջ՝ մանկավարժական թեքումով։ Պատանի տարիքէն մասնակցած է հայ ազգային-հասարակական կեանքին, անդամագրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր ողջ կեանքի ընթացքին եղած է կուսակցութեան գաղափարներու անխոնջ կրողն ու հաւատարիմ զինուորը։

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Իր բեղմնաւոր ազգային-հասարակական կեանքի ընթացքին եղած է Թեհրանի Հ.Մ. «Սիփան», «Ռոստոմ» եւ Հայ ուսուցիչներու միութեան հիմնադիր անդամներէն։ Երկար տարիներ զբաղած է մանկավարժութեամբ եւ նուիրուած՝ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին։ Որպէս հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչ, փոխտեսուչ եւ տեսուչ, պաշտօնավարած է Արաքի հայոց տարրական դպրոցին մէջ եւ Թեհրանի հայոց ազգային «Ռոստոմ», «Թունեան», «Նոր Անի» եւ «Աբրահամ Սողոմոնեան» դպրոցներուն մէջ։ Եղած է նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի հայերէնագիտական երեկոյեան դասընթացքներու տեսուչ եւ հայոց պատմութեան դասախօս։

1984-1993, եղած է «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը։

1993-95, բնակութիւն հաստատած է Հայաստան, ապա երեք տարիով վերադարձած է Թեհրան, որմէ ետք կրկին տեղափոխուած է Հայաստան եւ վերջնականապէս հաստատուած հայրենիքի մէջ՝ շարունակելով իր ազգային-հասարակական եւ գաղափարական-կուսակցական գործունէութիւնը։

2002 թուականին Լոս Անճելըսի Հ.Մ.Ը.Մ. Պըրպանքի «Սիփան» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, նշուած է անոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործունէութեան 50-ամեակը։ 2013 թուականին Հ.Մ. «Սիփան» միութեան 50-ամեակին առիթով, միութեան դահլիճը անուանակոչուած է Նորայր Էլսայեանի անունով՝ որպէս միութեան հիմնադիր անդամ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել