«Նոր ալիք», հասարակական-քաղաքական օրաթերթ։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Լոյս տեսած է 1924–1928 թուականներուն Սալոնիկի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Յ. Տէր-Նիկողոսեան, Գառնիկ Նաւասարդեան։ Հիմնադրած են ՀՅԴ-ի «Ալիք» օրաթերթէն (1923–1927 թուականներ, Սալոնիկ) հեռացած եւ ռամկավարութեան հարած գործիչները։

Քննադատած է դաշնակցութեան գործելակերպը, անդրադարձած ՀՕԿ-ի եւ այլ հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան։ Տպագրած է նիւթեր հայ մշակոյթի, գրականութեան ու պատմութեան վերաբերեալ, աջակցած ներգաղթին։ Ներկայացուցած է միջազգային քաղաքական կացութիւնը, հրապարակած նմուշներ հայ եւ համաշխարհային գեղարուեստական գրականութենէն եւ երգիծական պատմութիւններ։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։