«Նոր Հաճըն», եռամսեայ թերթ (երկար ժամանակ եղած է ամսաթերթ)։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1933 թուականին, Պուէնոս Այրէսի մէջ՝ հայերէն, սպաներէն։ Հաճընի հայրենակցական միութեան կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաթերթ։ Խմբագիրներ՝ Ազարիա Պապահէգեան, Աբրահամ էոլմեսէկեան, Աբրահամ Կրաչեան, Յարութիւն ծ. վրդ. Մուշեան, Նազարէթ Ճէրէճեան (Կուժնունի)։

Տպագրած է Հաճընի պատմութեան եւ սովորոյթներուն վերաբերող նիւթեր, Արժանթինի եւ այլ գաղթավայրերու մէջ ապրող հաճընցիներու մասին լուրեր, Հայաստանի Նոր Հաճըն աւանին նուիրուած լրատուութիւններ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։