Նոր Օր (թերթ, Միացեալ Նահանգներ)

Ազգային, քաղաքական եւ գրական եռօրեայ թերթ։

«Նոր Օր», ազգային, քաղաքական եւ գրական եռօրեայ թերթ (1947 թուականէն, սկզբը՝ երկօրեայ, շաբաթական)։ Հանդիսացած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափի պաշտօնաթերթը։

Նոր Օր
Nor Or
Տեսակ պարբերաթեր
Հիմնադրուած է 1921
Երկիր Միացեալ Նահանգներ
Հրատարակման վայր Ֆրեզնօ, ապա՝ Լոս Անճելըս
Գրասենեակ Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կայք noror.org

Պատմութիւն

Խմբագրել

Լոյս տեսած է 1921 թուականէն, 1921-1964 թուականներուն՝ Ֆրեզնօ, ապա՝ Լոս Անճելըս։

1921-1922 թուականներուն հրատարակուած է «Նոր կեանք-Արօր» միացեալ խորագրով։ Խմբագիրներ՝ Գ․ Սարաֆեան, Հ․ Պօղոսեան, Արամ Ամիրխանեան, Վահէ Հայկ, Նորայր Անդրէասեան, Ա․ Ենկոյեան, Աամդրանիկ Անդրէասեան, Անդրանիկ Փոլատեան[1], Նուպար Պէրպէրեան, Պ․ Փապուճեան, Մ․ Հայկենց, Օշին Քէշիշեան, Ասատուր Տէօվլէթեան։

Լուսաբանած է ԱՄՆ-ի եւ այլ վայրերու մէջ գործող յառաջադիմական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, Խորհրդային Հայաստանի անցուդարձը։

Բազմաթւ նիւթեր զետեած էլ «Ամերիկահայ ազգային խորհուրդի» գործունէութեան, « հայ ռազմիկներու խիզախութեան մասին։

Գրական բաժինին մէջ տպագրուած են սփիւռքի, հայ խորհրդային գրողներու եւ օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւններ։ Տեղ յատկացուցած է նաեւ հրապարակախօսական, պատմական եւ գիտական այլ նիւթերու։

Ծանօոագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Editor-in-Chief-1 (2017-05-25)։ «ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՓՈԼԱՏԵԱՆ»։ ՆՈՐ ՕՐ (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2023-08-24 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։