Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան
Դոկտ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան (ծնած՝ 1926, Պէյրութ, Լիբանան - մահ՝ 1 Յուլիս 2017, Մոնթրէալ, Գանատա) խմբագիր, դասախօս, գիրքերու հեղինակ, Համազգայինի հաւատաւոր անդամ, վաստակաւոր մտաւորականն ու նուիրեալ Հ.Օ.Մ.ուհի: Գործօն դեր ունեցած է Պէյրութի, Փարիզի ու Մոնթրէալի գաղութներու կրթական, մշակութային կեանքին մէջ, մանաւանդ ՀՕՄ-ի շարքերուն մէջ։ Եղած է ՀՅԴ անդամ[1]:
Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Մահացած է | 1 Յուլիս 2017 |
Մահուան վայր | Մոնթրէալ, Գանատա |
Ուսումնավայր | Փարիզի Համալսարան |
Կարողութիւն | Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ |
Մասնագիտութիւն | Bachelor of Arts վկայական, Գրականութեան Դոկտորայի աստիճան |
Գործունէութիւն | համալսարանի դասախօս |
Աշխատավայր | փոխ-նախագահ Conseil des ecoles ethniques de Montreal մարմնին, |
Կուսակցութիւն | Ville St. Laurentի Liberal կուսակցութեան տեղական վարչութեան, ՀՅԴ անդամ |
Ամուսին | Վարուժան Մինասեան |
Երեխաներ | Ալեքս Սաքըզ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԴոկտ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան ծնած է հանրածանօթ ազգայիններ Մելքոն եւ Լիւսի Տէր-Մելքոնեաններու ընտանիքին մէջ, Պէյրութ, Լիբանան։ Ան կը յաճախէ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի երկրորդական բաժինը, ուրկէ կը ստանայ ֆրանսական Ա. եւ Բ. պաքալորիայի վկայական։ Ապա բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Lysee Francaiseի մէջ, ուր կ’ուսանի գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն, եւ կը վկայուի Bachelor of Arts վկայականով[2]:
Որոշ ժամանակ «Սուրբ Նշան» եւ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան կրթական հաստատութիւններուն մէջ կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն: Ապա՝ կը մեկնի Փարիզ, հոն շարունակելու համար իր համալսարանական ուսումը: Կը յաճախէ Sorbonne համալսարանը, ուրկէ կը վկայուի Գրականութեան Դոկտորայի աստիճանով։
Ուսանողական օրերէն սկսեալ, ան մաս կը կազմէ հետեւեալ պարբերականներու խմբագրական կազմերուն. «Արաքս» մանկապատանեկան պարբերաթերթին, Նոր Սերունդ Միութեան «Հայաստան» ամսագիրին, եւ «Յառաջ» օրաթերթին: Միաժամանակ կը վարէ Cite universitaire de Parisի Maison des etudiants armռmiens հայ ուսանողական տան տնօրէնի պաշտօնը[2]:
1963ին, իր զաւկին՝ Ալեքս Սաքըզի հետ կը հաստատուի Մոնթրէալ, ուր կ՚ամուսնանայ Վարուժան Մինասեանի հետ։ Մոնթրէալի մէջ եւս կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ, նախ՝ Ecole normale Jacques Cartier, ապա՝ L'Université du Québec à Montréal համալսարանը, ուր կը հանդիսանայ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի հիմնադիրներէն մին, եւ ուր 24 տարիներ կը դասաւանդէ անընդմէջ, իբրեւ մնայուն փրոֆեսոր[2]։
1 Յուլիս 2017-ին, Մոնրէալի մէջ կը կնքէ իր մահկանացուն:[3] :
խմբագրական կազմի աշխատակից
ԽմբագրելԲացի իր ակադեմական աշխատանքէն, ընկերուհի Շաքէ կը շարունակէ մաս կազմել մեծաթիւ հայկական թերթերու եւ պարբերականներու խմբագրական կազմերուն, ինչպէս՝ «Ակօս», The Armenian Review, The Canadian Slavonic Papers, La Cause Armenienne, եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը։ Միաժամանակ՝ ան իր յօդուածներով կ՚երեւի «Ազդակ»ի, «Այգ»ի, «Յառաջ»ի, «Ազդարար»ի եւ «Հորիզոն»ի էջերուն[2]։
Համազգային եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
Խմբագրելունեցած է աշխուժ գործունէութիւն Համազգայինի Մոնրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի շարքերուն մէջ[3]: 1970ին կ՚ընտրուի Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1986[2]:
Բարձրաստիճան պաշտօններ եւ անդամակցութիւն
ԽմբագրելԴոկտ. Շաքէ Տէր-Մելքոնեան-Մինասեան 1972-1978 փոխ-նախագահն է Conseil des ecoles ethniques de Montreal մարմնին, 1974-1986՝ անդամ Comite consultatif de ministere de l’immigration du Quebecին, 1976-1978՝ անդամ Communication jeunesseի վարչութեան, 1981-1984՝ իր բաժանմունքի ներկայացուցիչը Conseil des etudes of the Universite du Quebecին, եւ 1990-1994՝ անդամ Ville St. Laurentի Liberal կուսակցութեան տեղական վարչութեան[2]։
Հրատարակութիւններ
ԽմբագրելԴոկտոր Շաքէ Տէր-Մելքոնեան-Մինասեանի հարուստ վաստակին մաս կը կազմեն իր աշխատասիրութիւնները, թարգմանութիւններն ու հատորով լոյս տեսած գործերը։ Նշենք՝ «ՕՂԱԿՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԿԱՄ ՎԱՂԱՐՇ Ա. ԹԱԳԱՒՈՐ ՀԱՅՈՑ» (Գ.Մ.Գ.Մ. թիւ 41):[4], Հայերէնի գիրքս - ԸՆթերցարան - Հինգերորդ Կարգ [5]
Մրցանակ, կոչում, պարգեւ եւ շքանշան
Խմբագրել1996ին ան ստացած է Montreal Citizenship Councilի Outstanding Citizen մրցանակը, 1997ին Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի կիլիկեան թեմի առաջնորդարանը զինք հռչակած է «Տարուան կինը», նոյն տարին, Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը իրեն պարգեւած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, իսկ 2004ին, ան մեծարուած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանով։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Կեանքէն հեռացաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետուհի Շաքէ Տէր Մելքոնեան Մինասեան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-10-04-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-12
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Շաքէ Տէր-Մելքոնեան-Մինասեան (1926-2017)
- ↑ 3,0 3,1 Մահ` Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեանի
- ↑ Կաթողիկոսարանի գրատուն Cilicia bookstore Անթիլիաս, ՇԱՔԷ ՏԷՐ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
- ↑ Bibliothèque de l'Église apostolique arménienne - Paris Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան
Աղբիւրներ
ԽմբագրելHamazkayin Armenian Educational and Cultural Society[permanent dead link]