Շահնազար Քէօթահեան
Շահնազար Քէօթահեան ծնած է 6 Դեկտեմբեր, 1902-ին Շապին Գարահիսարի Թամզարա աւանը։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին Արամեան Ազգ. վարժարանին մէջ, իսկ եկրորդական ու բարձրագոյն ուսումը՝ Պէյրութի մերձաւոր արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանին եւ ամերիկեան համալսարանի մէջ։ Աւարտած է կրօնական դասատիարակութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղերը, 1934-ին։
Շահնազար Քէօթահեան | |
---|---|
Ծնած է | 6 Դեկտեմբեր, 1902 |
Ծննդավայր | Թամզարա |
Մահացած է | 25 Հոկտեմբեր 1999 |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր | Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան |
Աշխատավայր | ուսուցիչ եւ տեսուչ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՇահնազար Քէօթահեան վարած է ուսուցչական եւ տեսչական պաշտօններ, Սեբաստիոյ Արամեան ազգային, ամերիկեան որբանոց-դպրոցներուն, Քերքիրայի եւ Աթէնքի (Յունաստան) ազգային եւ յարանուանական վարժարաններուն մէջ։
Ան պաշտօնավարած է Աթէնքի շրջանի ամերիկեան մերձաւոր արեւելքի նպաստամատոյցի (American Near East Relief) որբանոցներէն արձակուած հայ աշխատող եւ չափահաս որբերու իբրեւ ընդհանուր վերահսկիչ-խորհրդատու (1924-1930):
25 տարի Շահնազար Քէօթահեան ծառայած է Հ.Բ.Ը.Միութեան Յունական կեդրոնին, իբրեւ վարիչ-քարտուղար։ Սատանձած է կրթական քննիչի պաշտօնը, սոյն միութեան կողմէ հովանաւորուած ազգային եւ յարանուական դպրոցներուն, եւ կազմակերպած է ուսացիչներու յատուկ դասախոսական ժողովներ։
Լոս Անճելըսի մէջ Շահնազար Քէօթահեան եւս կամաւորապէս ստանձնած է Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի ատենադպրութեան պաշտօնը, ինը տարի շարունակաբար։
Շահնազար Քէօթահեան 25 տարի ծառայած է Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի (Լոս Անճելըս) առաջնորդարանին, որպէս դիւանապետ-քարտուղար։
Աթէնքի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հրաւէրին ընդառաջելով, ան ստանձնած է, առանց հովիւի մնացած թեմին ամբողջական պատասխանատուութիւնը, աւելի քան երեք տարի։
Պատանի հասակէն (1920) սկսեալ Շահնազար Քէօթահեան աշխատակացած է սփիւռքահայ մամուլին, ստորագրելով եկեղեցական, ազգային, հայրենակցական, դաստիարակչական եւ այլ նիւթերու շուրջ արձակ եւ չափածոյ գրութիւններ։
Գնահատանք եւ մրցանակ
ԽմբագրելՇահնազար Քէօթահեան Արժանացած է գնահատանքի եւ մրցանակներու.
- «Պայքար» շաբաթաթերթի կազմակերպած մրցման, Ա. մրցանակ. «Որո՞նք են Արժանաւոր եկեղեցականներ պատրաստելու միջոցները» նիւթին շուրջ իր պատրաստած յօդուածով։
- Գնահատական յուշատախտակ, Լոս Անճելսի թէքէեան մշակութային միութեան կողմէ։
- Առաջին մրցանակ՝ «Հայրին Հայոց» չափածոյ գրութեան համար, Լոս Անճելըսի ամերիկահայ միացեալ արուեստի ընկերակցութեան կողմէ։
- Յուշատախտակ, Լոս Անճելըսի նորակազմ Յունահայ Միութեան վարչութեան կողմէ, առ ի գնահատանք սոյն միութեան մատուցած ծառայութեան՝ իբրեւ նախագահ։
Իր կարգ մը բանաստեղծութիւնները ձայնագրուած են երգահաններու կողմէ։
Զգայուն եւ յուզիչ է իր պատմելու ոճը, եւ խիստ շահեկան։ Ճշմարիտ հերոս մըն է ինքն իսկ, որ շնորհիւ իր կորովին ու ջանասիրութեան, կը հասնի հայ գրչի ու մշակոյթի գործիգի դիրքին, եւ պաշտպանկը կանգնի իրեն նման որբերու՝ որպէս խորհրդատու եւ վերահսկիչ։ Իր արժանաւոր կողակիցին հետ գլուխ գլխի, կը հետապնդեն իրենց ազգասիրական վեհ նպատակները. նաեւ իրենց զաւակները կ'օժտեն հայու ոգիով[1]:
25 Հոկտեմբեր 1999-ին իր մահկանացուն կը կնքէ Լոս Անճելըսսի մէջ:
Գրականութիւն
ԽմբագրելԻր անձնական միջոցներով Շահնազար Քէօթահեան հրատարակած է.
- Մանուկները դպրոցէն դուրս կամ ծնողները ինչպէս դաստիարակելու են իրենց զաւակները:
- երգեր հայու՝ հայուն համար, քերթուածներու հաւաքածոյ:
- Յուշեր ու Նիշեր - Անձեր ու անցքեր նախաեղեռնէն մինչեւ ներկայս (1990) Կենսագրական (վաւերագրական տուեալներով եւ անտիպ ու հազուագիւտ լուսանկարներով պատմական հատոր մը):
- Գողգոթայէն Յաւերժութիւն (պոէմա)՝ Շահնազար Քէօթահեան Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին առթիւ (1915֊1965). Ձօն մեր բիւրաւոր նահատակաց:
Հրատարակութեան համար պատրաստ ունի արձակ երկերու հաւաքածոներ եւ ուսումնասիրութիւններ։
Աղբիւրներ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։