Շանթ Աւետիսեան

Հայ արուեստագէտ

Շանթ Աւետիսեան (24 Նոյեմբեր 1951(1951-11-24), Գահիրէ, Եգիպտոս - 24 Նոյեմբեր 2018(2018-11-24), Գահիրէ, Եգիպտոս), հայ արուեստագէտ։

Շանթ Աւետիսեան
Ծնած է 24 Նոյեմբեր 1951(1951-11-24)
Ծննդավայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մահացած է 24 Նոյեմբեր 2018(2018-11-24) (67 տարեկանին)
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Մասնագիտութիւն արուեստագէտ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Գահիրէ: 1967-ին աւարտած է Գահիրէի Գալուստեան հայկական վարժարանը։ 1967-ի Հոկտեմբերին սկսած է հետեւիլ նկարչութեան դասընթացներու՝ Աշոտ Զօրեանի արուեստանոցին մէջ:

1968 թուականին սկսած է զբաղիլ պաստառներու, զգեստներու, հրատարակութիւններու եւ բեմական ձեւաւորումով։

1968 Դեկտեմբերին ցուցադրած է իր ստեղծագործած Սուրբ ծննդեան բացիկները՝ «Շաքէ Ալպան» արուեստանոցին մէջ, Գահիրէ:

1969-ի Մայիսին ան ունեցած է իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը արուեստի ուսուցչուհի Նորա Իփէկեան-Ազատեանի ղեկավարութեամբ, իսկ 1970-ի Յունիսին՝ «Carzou Hall»-ին մէջ իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսը․ Հոկտեմբերին տեղափոխուած է Մոնրէալ, Քանատա:

1970-1973 տարիներուն, Աւետիսեան ուսած է գեղարուեստ՝ «School of Art and Design» դպրոցին մէջ, Մոնրէալ, Քանատա, իսկ 1974-ին ուսումնասիրած է տպագրական արուեստը՝ «Ecole Nationale Supérieure des Arts Décoratifs»-ի մէջ, Փարիզ[1]:

1969-2018 թուականներու միջեւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ունեցած է աւելի քան քսանհինգ անհատական ցուցահանդէս: Շանթ որոշ շրջան ապրած է նաեւ Հայաստան, ուր հեռու եղած է պաշտօնական շրջանակներէ, եւ աւելի կապ պահած է պարզ մարդոց եւ արուեստագէտներու հետ[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել