Շիրակի Երկրաբանական Թանգարան

Շիրակի երկրաբանական թանգարան, երկրագիտական թանգարան Գիւմրիի մէջ:

Շիրակի Երկրաբանական Թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր  Հայաստան[1]
Տեղագրութիւն Գիւմրի[1]
Մասն է Արգելոց «Կումայրի»?
Հասցէ Մյասնիկյան փող. 118[1]
Հիմնադրուած է 5 Յուլիս 1930

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ստեղծուած է Խորհրդային Հայաստանի ժողկոմսովետի 5 Յուլիս 1930-ի որոշումով։ Ունեցած է հնաբանութեան-ազգագրութեան, քաղաքի եւ Շիրակի պատմութեան, մշակոյթի, սոցեալիստական շինարարութեան, Հայրենական մեծ պատերազմի պատմութեան բաժիններ։ Հնաբանութեան եւ ազգագրութեան բաժիններու ցուցանմուշները հիմնականօրէն ձեռք բերուած են Կումայրի հնագոյն բնակավայրի պեղումներէն։ Հնաբանութեան բաժինը ունի քարի, պրոնզի, երկաթի դարերու աշխատանքային գործիքներու ցուցանմուշներ, բազմատեսակ հնագոյն զէնքեր եւ այլն։ Ազգագրութեան բաժինը նուիրուած է Գիւմրի - Ալեքսանդրապոլ - Լենինականի եւ Շիրակի հարթավայրի բնակիչներու կենցաղին եւ արհեստներուն։

Ցուցանմուշներ

Խմբագրել

Շիրակի հարթավայրի Քեթի, Ոսկեհասկ, Մարմաշէն, Տիրաշէն, Վահրամաբերդ գիւղերու մօտակայքը կատարուած պեղումները (1970 թուականէն) զգալիօրէն հարստացուցած են Լենինականի երկրաբանական թանգարանի նիւթերը։ 1977-ի վերջերը թանգարանին մէջ կար 2000-էն աւելի հնաբանական ցուցանմուշ։ Թանգարանի գեղանկարչական բաժինին մէջ պահպանուած եւ ցուցադրուած են շուրջ 150 կտաւ, որոնց շարքին ներկայացուած են Յովհաննէս Այվազովսկիի, Գէորգ Բաշինջաղեանի, Վարդգէս Սուրէնեանցի, Մարտիրոս Սարեանի, Ստեփան Աղաջանեանի, Գաբրիէլ Կիւրճեանի, Տիմիդրի Նալպանտեանի, Հրաչեայ Ռուխկեանի, Յ. Անանիկեանի եւ այլ նկարիչներու գործեր։ Թանգարանը ունի նաեւ հնագոյն դրամներու հարուստ հաւաքածոյ (5000-էն աւելի)՝ հայկական, իրանական, ռուսական, թուրքական, յունական դրամներու հազուագիւտ նմուշներով։

2013-ի դրութեամբ թանգարանը կը գտնուի Գիւմրիի գեղարուեստի ուսումնարանին հարակից, մասնակի վերանորոգուած վթարային փոքրիկ շէնքին մէջ։ Նպաստաւոր պայմաններ չկան բոլոր նմուշները ցուցադրելու համար։ Գիւմրիի աւագանին Հայաստանի վարչապետին դիմած է առաջարկելով, որ թանգարանին տրամադրուի «Կիւլպէնկեան» վիրաբուժական հիւանդանոցի ազատ շէնքը[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։