Շիրակի Միջազգային Օդակայան

Շիրակի Միջազգային Օդակայան, որ կը ծառայէ Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզերուն, Հայաստանի մէջ: Օդակայանը կը գտնուի Գիւմրիի կեդրոնէն 5 քմ. հեռու: Անոր բացումը տեղի ունեցաւ 1961 թուականին եւ կը նկատուի Հայաստանի երկրորդ ամէնամեծ օդակայանը, առաջինը ըլլալով Զուարթնոց Միջազգային Օդակայանը[1]:

Շիրակի Միջազգային Օդակայանի Շէնքը

Պատմութիւն

Խմբագրել

Օդակայանին վերջակայանը հիմնուած է 1982 թուականին, ճարտարապետ՝ Լեւոն Քրիստոֆորեանի եւ Ռուբէն Ասրտատեանի կողմէ: Սակայն, 1988-ի երկրաշարժէն ետք, օդակայանը դարձաւ ոչ-գործնական մինչեւ իր վերանորոգումը 2004 թուականին: 2006 թուականի սկիզբը, Հայաստանը կարիքը ունեցաւ երկրորդ օդակայանի մը, երբ աննպաստ օդի պայմանները շատ մը թռիչքներ ստիպուեցան իրենց ընթացքը փոխել Զուարթնոցի Միջազգային Օդակայանէն դէպի Շիրազի Միջազգային Օդակայան: Ինչպէս նաեւ նոր ռատիոտեղակայաններ զետեղուեցան 2006 թուականին, որ կարելի դարձուցին ճանչնալու օդանաւները 400 քմ. շառաւիղ հեռուէն[1] :

26 Դեկտեմբեր, 2018 թուականին, Հրիփսիմէ Գրիգորեան, Զբօսաշրջութեան Կոմիտէի պետը, որ Տնտեսական Զարգացման եւ Ներդրումներու Նախարարութեան բաժին մը է, հաստատեց թէ եւրոպական քիչ ծախս ունեցող օդանաւային ընկերութիւնները պատրաստ են մուտք գործելու Հայաստանի շուկան: Ըստ Հրիփսիմէին, բանակցութիւններ տեղի ունեցան այս քիչ ծախս ունեցող օդանաւային ընկերութիւններուն հետ եւ այս ընկերութիւնները շուտով պիտի ունենան թռիչքներ Հայաստանի երկրորդ ամէնամեծ քաղաքին մէջ՝ Գիւմրի:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «Շիրակ օդանավակայան - Zvartnots»։ www.zvartnots.aero։ արտագրուած է՝ 2019-10-17