Շիրակ (հանդէս)
Շիրակ (հանդէս), գրական, քաղաքական եւ հասարակական հանդէս (կիսամսեայ, ամէնամսեայ, շաբաթական)։ Լոյս տեսած է 1905—1907, 1909 թուականներուն, Աղեքսանտրիայի մէջ (1905—1906), Գահիրէի մէջ (1906—1907), Կոստանդնուպոլսոյ մէջ (1909)։ Խմբագիր-տնօրէններ՝ Վահան Թէքէեան, Միքայէլ Կիւրճեան, խմբագիր՝ Արփիար Արփիարեան։
Շիրակ | |
---|---|
Տեսակ | հանդէս |
Հիմնադրուած է | 1905 |
Նիւթեր տպագրած է համիտեան կոտորածներու հետեւանքներու, հայութեան, անոր գրականութեան ու մշակոյթի վիճակի, Թուրքիոյ ներքին կացութեան, հայ-ռուսական յարաբերութիւններու եւ այլ հարցերու մասին։ Յիշարժան են Վ․ Թէքէեանի «Թուրքիան կրնայ՝ բարեկարգուիլ», Ա․ Արփիարեանի Հայաստան եւ Ռուսիա» (1905), «Ռուսիոյ հետ» (1906) յօդուածները։ Գրական բաժնին մէջ տեղ գտած են արեւմտահայ, արեւելահայ, ռուս եւ եւրոպական գրողներու ստեղծագործութիւններ, գրախօսական-քննադատական յօդուածներ, մամուլի տեսութիւններ։ Աշխատակցած են Գրիգոր Զօհրապը, Երուանդ Օտեանը, Դանիէլ Վարուժանը, Լեւոն Բաշալեանը, Մ․ Տամատեանը, Ա. Ալպոյաճեանը, Ա․ Ղազիկեանը, Պ․ Հինդլեանը եւ ուրիշներ։