Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբերու մենակատարուհին է: Միաժամանակ ամէն կիրակի կ'երգէ Պէյրութի Սբ. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջՙ կատարելով հայկական հոգեւոր երգեր:

Շողիկ Թորոսեան
Ծնած է 26 Հոկտեմբեր
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Սոփրանօ երգչուհի, դասական երաժշտութիւն
Գործունէութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբերու մենակատարուհի
Աշխատավայր երգի ուսուցչուհի Armenian Evangelical Central High School [1]
Ամուսին Ռաֆ­ֆի Թո­րո­սեա­ն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Շողիկ Թորոսեանի մայ­րը Խար­բեր­դէն է, հայրը՝ Մա­րա­շէն[2]: Ծնողքի քաջալերանքներով հետեւած է երաժշտական ուսման: 16 տարեկանին կը սկսի հետեւիլ ձայնամարզութեան դասընթացքներու: Թագուհի Թեքեան եղած է իր ուսուցչուհին: Երաժշտական կրթութիւն ստացած է «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ, որ գերազանցութեամբ աւարտած է 2007-ին: Կարճ ընթացք մը կը վարէ «Ռատիո Սեւան»ի «Մանուկներու աշխարհ» հաղորդաշարը[3]:

Յաճախած է Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարան ապա Ամերիկեան Համալսարան American University of Beirut (AUB):

Շողիկ Թորոսեանի ա­մու­սինը՝ Ռաֆ­ֆի Թո­րո­սեա­ն, որ մաս­նա­գի­տու­թեամբ Ելեկտրականութեան-Ճարտարագէտ է, նոյնպէս երաժշտասէր է[2]:

Համերգներ

Խմբագրել

2007-ին, կը սկսի իր համերգային գործունէութիւնը: 2009-էն սկսեալ գրեթէ ամեն տարի մենահամերգ կ'ունենայ Պէյրութի մեջ: Մենահամերգներով հանդէս եկած է Հայաստան, Պուլկարիա եւ ԱՄՆ: 2014 եւ 2015 թուականներուն յաջորդաբար կը հրաւիրուի ելոյթ ունենալու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Իմ Հայաստան» փառատօնին: Հարկ է նշել, որ Շողիկ Թորոսեան միակն էր, որ ներկայացուց Լիբանանը «Երգում ենք Կոմիտաս» փառատօնին: 2015-ի Սեպտեմբերին ալ նշանակուած էր International Association of Singers-ի Լիբանանի ներկայացուցիչ[3]:

  Ես դասական ոճի երգչուհի եմ եւ ծրագրիս մեջ ներառուած են հայկական ու եւրոպական դասական գործեր: Կոմիտասեան երգերն ինծի համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին եւ ամէն համերգիս Կոմիտասը ներկայ է: Ձայնային տուեալներս թոյլ կու տան երգել նաեւ հայկական ռոմանսներ (Ռոմանոս Մելիքեան, Բարսեղ Կանաչեան, Նիկոլ Գալանտէրեան եւ այլն): Շատ կը սիրեմ «Անուշ» օփերան եւ երազանքս է Անուշի դերով հանդէս գալ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալեթի թատրոնի բեմի վրայ[3]:
- Շողիկ Թորոսեան
 


Համերգ՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին

Խմբագրել

Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի դասական բարձրորակ համերգը տեղի ունեցաւ 28 Մարտ 2015-ին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ: Յայտագիրին առաջին բաժինը, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած մեծ երաժիշտին` Կոմիտաս վարդապետին, Շողիկ Թորոսեան կրցաւ փոխանցել Կոմիտասի դիւթիչ երաժշտութեան արժէքը[4]:

Համերգ՝ Արցախեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն

Խմբագրել

7 Փետրուար 2018-ին, սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային տան մէջ համերգ ունեցաւ Հայաստանի սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ` ղեկավարութեամբ Սերգէյ Սմբատեանի, նոր երգ թողարկած է` նուիրուած Արցախեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն:

«Թալիշի դիրքերուն մէջ» կոչուող ստեղծագործութեան երաժշտութիւնը գրած է լիբանանահայ Վահրամ Էմմիեան, խօսքերը` արցախցի Միքայէլ Հաճեան: Երգը նուիրուած է Արցախեան քառօրեայ պատերազմի նահատակներ` Նորայր Հաջեանին եւ Սարգիս Խաֆալեանին [5]:

Պէյրութի նաւահանգիստի զոհերու յիշատակին

Խմբագրել

2 Սեպտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հանդիպակաց վայրին վրայ` «Պանդուխտ»ի յուշակոթողին դիմաց, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` պայթումի զոհերուն յիշատակին, ինչպէս նաեւ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած` Լիբանանի վերականգնումի մաղթանքով եւ վիրաւորներու ապաքինման համար: Այս նախաձեռնութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը եւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան[6]:

Համաշխարհային Երաժշտութեան Մրցոյթ, Վիեննա 2020 - «Ազգային Մրցանակ»

Խմբագրել

7 Յուլիս 2020-ին, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած 28-րդ Համաշխարհային Երաժշտութեան մրցոյթի միջազգային դատական կազմի անդամները Շողիկ Թորոսեանին արժանացուցին «Ազգային Մրցանակ»ին՝ դառնալով Լիբանան առաջին մրցանակիրը [7]: WORLD MUSIC COMPETITION VIENNA 2020 "NATIONAL PRIZE" LEBANON'S 1-ST PRIZE - 28th world music competition.

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել