Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/06-2020

  • Ֆրանսայի Կանաչներու կուսակցութեան թեկնածու Ժաննա Բարսեղեան 42,5% ձայներով ընտրուեցաւ Սթրասպուրկի քաղաքապետ:Ան Հայաստանի առաջին խորհրդարանի անդամ Պերճուհի Բարսեղեանի ծոռնուհին է:
  • Երեւանի պետական համալսարանը եւ Միացեալ ազգերու կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութիւնը (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) յայտարարած են Ցեղասպանութեան եւ այլ զանգուածային ոճրագործութիւններու կանխարգիլման եւ կրթութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ամպիոնի հիմնադրութեան մասի։
  • Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ աշխարհի վրայ Պսակաձեւ ժահրով վարակման պարագաներուն թիւը Կիրակի օր մրցանշային աճ արձանագրած է՝ 24 ժամուան ընթացքին բարձրացած է 183.020-ով:
  • Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի հրատարակութեամբ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի մեկենասութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ընդդէմ Եհովայի Վկաներուն» հատորը հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւուրեանի աշխատութեամբ։
  • Գիւմրիի մէջ բացումը կատարուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշատուն-թանգարանին: Թեհլիրեանի կիսանդրիին հեղինակը քանդակագործ Զաւէն Կոշտոյեանն է։
  • Յովհաննէս Այվազովսքիի նկարը «Նափոլիի ծոցը» անունով (գծագրուած 1878-ին) Sotheby's-ի աճուրդին ծախուեցաւ 2,9 միլիոն տոլարով: Այվազովսքիի մէկ այլ նկար մը «Անցող նաւը լուսնային լուսնի գիշերը» (գծագրուած 1868-ին) վաճառուեցաւ 435 հազար տոլարի։