Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/09-2022

  • Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճo Պայտըն իր կնոջ` Ճիլ Պայտընի հետ 17 Սեպտեմբերին պիտի մեկնի Բրիտանիա` ներկայ գտնուելու համար Էլիզապեթ Բ. թագուհիի յուղարկաւորութեան արարողութեան:
  • Սուտանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ Տանտար գետի յորդումը հասած է բարձր վտանգի փուլի, երբ անոր ջուրերը բարձրանալով Տանտար շրջանին մէջ ողողած են աւելի քան 200 գիւղ եւ վնասած հողագործութեան լայն տարածքներ:
  • Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ, ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեանութեան քառակի ախոյեան:
  • Լաթվիոյ Սէյմը հրատապ օրէնք որդեգրած է Լաթվիական ուղղափառ եկեղեցւոյ` Մոսկուայի պատրիարքարանի Ռուս ուղղափառ եկեղեցիէն անկախութեան մասին: