Նախագահներ Վլատիմիր Փութին, Նիկոլ Փաշինեան եւ Հայտար Ալիեւ յայտարարած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ կրակի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադարեցում 10 Նոյեմբեր 2020-էն սկսեալ։ Ազրպէյճանեան եւ հայկական զօրքեր կանգ կ'առնեն իրենց ներկայ դիրքերուն վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով կը հաստատուին Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմ պահպանելու ապահով կապ Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի միջեւ։ Կը կատարուի ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձանց եւ զոհուածներու դիակներու փոխանակում:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մինչեւ 15 Նոյեմբեր 2020 ԱզրպէյճանիՔարվաճառի շրջանը կը վերադարձնէ Ազրպէյճանին, Աղդամի շրջանը եւ Ազրպէյճանի Ղազախ շրջանի հայկական կողմէ պահուող տարածքները Ազրպէյճանական կողմին կը վերադարձուին մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբեր 20-ը: Իսկ մինչեւ 1 Դեկտեմբեր 2020՝ Լաչինի շրջանը՝ պահպանելով Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որ կ'ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ:
Ներքին տեղահանուած մարդիկ եւ փախստականները կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան տակ: Տարածաշրջանին մէջ կը բացուին բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկութեան կապերը։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ'ապահովէ երթեւեկութեան հաղորդակցութիւնը Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններուն միջեւ երկու ուղղութեամբ։ Երթեւեկութեան այս կապը պիտի հսկէ ՌԴ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութիւնը։ Կողմերուն համաձայնութեամբ, պիտի կառուցուի երթեւեկութեան ուղի՝ Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները իրար կապելու համար։