Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/11-2021

  • Իրանի նախաձեռնած «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի ծրագիրը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը, աստիճանաբար կը ձեւաւորուի: Իրագործման պարագային աշխարհաքաղաքական յաւակնութիւններ ունեցող այս մեծ նախագիծը կրնայ Հնդկաստանէն մինչեւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներ երկարող տարանցիկ մեծ ճամբայ ձեւաւորել։
  • Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ գտնուող հայկական Մշոյ Ս. Առաքելոց վանքը այցելած շարք մը քաղաքացիներ, տեղւոյն իշխանութիւններուն կոչ ուղղած են` վերականգնելու կիսաւեր վանքը:
  • 21 Նոյեմբերին տեղի ունեցած է Քաթարի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2021-ի աշխարհի ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Աշխարհի գործող ախոյեան անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն հանդիսացած է առաջին, մինչ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւած են Մաքս Վերսթափեն եւ Ֆերնանտօ Ալոնսօ: