Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/08-2020
Տպաւորապաշտութիւն (ֆր.՝ Impressionisme < impression - տպաւորութիւն), գեղարուեստի շարժում՝ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին։ Ծագած է ֆրանսական գեղանկարչութեան մէջ, 1860-ական թուականներու վերջաւորութեան եւ 1870-ական թուականներու սկիզբին, որու ռահվիրաները եղած են՝ Էտուար Մանէ (Édouard Manet), Էտկար Տեկա (Edgar Degas), Քլոտ Մոնէ (Claude Monet), Քամիլ Փիսսարօ (Camille Pissarro), Ալֆրետ Սիսլէ (Alfred Sisley) եւ Օկիւսթ Ռենուար (Auguste Renoir)։
Տպաւորապաշտութիւն Impressionisme սահմանումը սկսած է գործածուիլ 1874-ին, Փարիզի գեղանկարչութեան ցուցահանդէսէն ետք, ուր կը ցուցադրուի Քլոտ Մոնէի «Տպաւորութիւն՝ Ծագող Արեւը» («Impression Soleil levant», 1872, Փարիզ) նկարը։ Պատահականօրէն ընտրուած սահմանումը կ'ընդգծէ շարժման, ոճին էական կողմը՝ յարաշարժ իրականութեան տպաւորութիւններու եւ ապրումներու հետ կապուած պահերուն անմիջական արտացոլումը։ Կը յատկանշէ ԺԹ. դարու Ֆրանսական մշակոյթը․․․ Աւելին⇒