Եդուարդ Մանէ (23 Յունուար 1832(1832-01-23)[1][2][3][…], Փարիզի նախկին 10-րդ թաղամաս, Փարիզ, Ֆրանսա[4][5] - 30 Ապրիլ 1883(1883-04-30)[1][2][6][…], Փարիզի 8-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[7]
Փարիզ, Ֆրանսա[5]), ֆրանսացի գեղանկարիչ, տպաւորապաշտութեան հիմնադիրներէն մէկը։

Եդուարդ Մանէ
ֆրանսերէն՝ Édouard Manet
Ծնած է 23 Յունուար 1832(1832-01-23)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Փարիզի նախկին 10-րդ թաղամաս, Փարիզ, Ֆրանսա[4][5]
Մահացած է 30 Ապրիլ 1883(1883-04-30)[1][2][6][…] (51 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 8-րդ շրջան, Փարիզ, Ֆրանսա[7]
Փարիզ, Ֆրանսա[5]
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա[8][9][10]
Ուսումնավայր Collège-lycée Jacques-Decour?
Ազդուած է Վերածնունդի վարպետներէն
Ազդած է Տպաւորապաշտ նկարիչներու վրայ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ֆլեյտահարը?, Street Singer?, Լոլան Վալենսիայից?, Նախաճաշ խոտի վրայ եւ Օլիմպիա?
Տեսակ դիմապատկեր[5], Նկարչութիւն[5], լուռ բնութիւն[5], Բնանկար[5] եւ Կրօնական նկարչութիւն[5]
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, նկարազարդող, վիմագրող, գծագրող, գծագրիչ, տեսողական արուեստագէտ, արուեստագէտ
Ամուսին Սիւզան Մանէ[11]
Ծնողներ հայր՝ Օկիւստ Մանէ, մայր՝ Eugénie-Désirée Fournier?
Երեխաներ Լեոն Լեենհոֆ?
Ստորագրութիւն

Կեանքը եւ ստեղծագործական ուղին

Խմբագրել

Ծնած է Փարիզ 23 Յունուար 1832 թուականին, Փարիզ, բարձրաշխարհիկ միջավայրի պատկանող ընտանիքի մէջ։ Մայրը՝ Օժէնի Դեզիղէ Ֆուզնէն, դիւանագէտի դուստր էր եւ Շուէտի թագակիր արքայազնի՝ Չառլզ Բեռնադոթին թոռնուհին։ Հայրը՝ Օգուստ Մանէն, դատաւոր էր, որ կը փափաքէր՝ որդին եւս իրաւաբան դառնայ։

Իրաւաբանի մասնագիտութիւն ստանալու միտումով՝ հօր յորդորով 1848 թուականին Մանէն կը նաւարկէ դէպի Ռիօ տէ Ժանէրօ։ Երբ Եդուարդ Մանէն երկրորդ անգամ ըլլալով կը ձախողի իրաւաբանական դպրոցին համալրման քննութիւնը, հայրը կը ստիպուի հաշուի առնել որդու՝ արուեստի ոլորտէն ներս կրթուելու որոշումը։

1850-էն 1856 թուականներուն Մանէն կ'ուսանէր Թոմաս Կուտիւրի գլխաւորութեամբ։ Մօրեղբայրը ՝ Էտմոնտ Ֆուրնիէն, մշտապէս կ'ոգեւորէր Մանէն ստեղծագործական մաքառումներու ընթացքին, եւ մօրեղբօր օգնութեամբ Մանէն կը յայտնուի Լուըր։ 1841 թուականին Մանէն կ'ընդունուի միջնակարգ դպրոց, 1845 թուականէն ի վեր մօրեղբօր խորհուրդով կը յաճախէր նկարչական յատուկ դասընթացքներուն, ուր կը հանդիպի եւ կը ծանօթանայ Անտոնին Պղուստին՝ Ստեղծարար արուեստներու վարչութեան ապագայ նախագահին եւ իր ամբողջ կեանքին հաւատարիմ ընկերոջը։

Այս ընթացքին Մանէն կը կրկնօրինակէ Լուըրին՝ Վաղեմի Մեծերը (Old Masters)[12] կտաւներու շարքը։ 1853-1856 թ. Մանէն կը տեղափոխուի Գերմանիա, Իտալիա եւ ապա Նիտեռլանտներ, ուր Եդուարդ Մանէն ոգեշնչող բազմաթիւ աղբիւրներ կային. արուեստի գլուխ գործոցներ եւ նկարիչներ։ Ի վերջոյ 1856 թուականին Եդուարդ Մանէն բացաւ իր սեփական արուեստանոցը։ Այդ տարիներուն անոր նկարելու ոճը սուր քննադատութիւններու կ'արժանանար բազմաթիւ պատճառներով. մասնաւորապէս կտաւներուն մէջ մանրամասներու պարզագոյն ցուցադրութիւնը եւ գուներանգներու աւանդական երանգներու ճնշողութիւնը։

Մանէն ապրած է գլխաւորապէս Փարիզ, ուր ուսանած է Գեղեցիկ արուեստներու դպրոցէն ներս (1850-1856)։ Ընդօրինակած է իտալական Վերածնունդի եւ 17-րդ դարու վարպետներու (Ջորջոնէ, Տիցիան, Տիեկօ Վելասկէս, Ֆրանս Հալս), ինչպէս եւ Ֆրանցիսկօ Կոյայի, Էժէն Դելակրուայի ստեղծագործութիւնները. ազդուած է անոնցմէ։

Վաղ շրջանին աշխատանքներու կերպարներու կենսական հաւաստիութիւնը զուգորդուած է ռոմանթիկ հոգեվիճակներու հետ։ Օգտագործելով եւ վերաիմաստաւորելով հին վարպետներու պաշարներն ու շարժառիթները՝ Մանէն գեղանկարչական նոր խնդիրներ լուծելու ձգտած է։

Իր արուեստով կանխորոշելով տպաւորապաշտութիւնը՝ Մանէն 1860-ական թուականներու վերջին մտերմացեր է անոր վարպետներու հետ եւ 1870-ականներու վերջին անցեր պլեներային նկարչութեան, միաժամանակ, խորհրդապաշտներուն հակառակ, պահպանած է գծանկարի կառուցուածքային պարզութիւնը։ Մեծ քաղաքի խայտաբղետութեան մէջ ան ընտրած է առաւել բնորոշ իրավիճակներ՝ զուգորդելով գեղանկարչական եւ հոգեբանական իրավիճակները։

1870-ական թուականներուն ստեղծեր է նատիւրմորտներ, բնանկարներ, գծանկարներ, դիմանկարներ՝ ընդլայնելով ժանրին հնարաւորութիւնները։ Մանէի ստեղծագործութիւնը կ'աւարտի 19-րդ դարու ֆրանսական իրապաշտական արուեստի աւանդոյթներու կազմաւորումը։ Անոր առաջադրած եւ լուծած գեղարուեստական խնդիրները շատ բանով կանխորոշած են կերպարուեստի հետագայ պատմական շրջանին բնորոշ որոնումներու ուղղուածութիւնը։

Քառասունէն ետք Եդուարդ Մանէին ախտորոշած են սիֆիլիս քրոնիկ հիւանդութեամբ. դեղորայքային բուժումներ կը ստանար։ Սակայն, ատիկա միակ հիւանդութիւնը չէր. նկարչին մարմինը կը տառապէր նաեւ յօդացաւ (ռեւմատիզմ) կոչուող՝ շարակցական հիւսուածքի բորբոքային հիւանդութենէ։ Մահէն քանի մը տարի առաջ նաեւ զարգացեր է լոկոմոտոր ատաքսիա հիւանդութիւնը, որ կը համարուի սիֆիլիսի կողմնակի արդիւնք եւ կը յանգի քրոնիկական ցաւերու։

1883 թուականի Ապրիլին բժիշկները ստիպուեցան հատել Եդուարդ Մանէի ձախ ոտնաթաթը՝ փտախտի (գանկրեն) պատճառով։ Այս բժշկական միջամտութենէն 7 օր անց նկարիչը մահացաւ։ Անոր աճիւնը ամփոփուած է Փարիզի Պասսի գերեզմանատունը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Édouard Manet
  3. 3,0 3,1 Edouard Manetministère de la Culture.
  4. 4,0 4,1 4,2 http://archives.paris.fr/s/39/etat-civil-reconstitue-actes/resultats/?
  5. 5,00 5,01 5,02 5,03 5,04 5,05 5,06 5,07 5,08 5,09 5,10 RKDartists
  6. 6,0 6,1 6,2 Benezit Dictionary of ArtistsOUP, 2006. — ISBN 978-0-19-977378-7
  7. 7,0 7,1 7,2 http://archives.paris.fr/s/4/etat-civil-actes/resultats/?
  8. Շվեդիայի Ազգային թանգարանի նկարիչների ցանկ — 2016.
  9. Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
  10. https://www.workwithdata.com/person/edouard-manet-1832
  11. Union List of Artist Names — 2021.
  12. List of Old Masters
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։