Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/10-2024
Թարգմանչաց շարժում, հայ գիրերու գիւտէն ետք սկզբնաւորուած շարժում, որուն նպատակն էր՝ նախ հայերէնի թարգմանել Աստուածաշունչը, հայացնել եկեղեցական ծիսաբանութիւնը, ապա հայալեզու քրիստոնէական գրականութիւնը տարածել, հայոց դպրութիւնը սկզբնաւորելու միջոցով նպաստել Հայաստանի հոգեւոր վերածննդեան, կրօնամշակութային, ինչպէս նաեւ գաղափարաքաղաքական անկախութեան հաստատման։
Թարգմանչաց շարժումը նաեւ պետական շահեր ունէր. կը հետապնդէր հայոց գիրերու գիւտով թուլացած Արշակունեաց գահի պաշտօնական գրութիւններու լեզուն յունարէնէն եւ ասորերէն հայերէնի վերածել: Իսկ հայալեզու դպրոցն ու գրականութիւնը հայալեզու եկեղեցւոյ միջոցով պէտք էր նեցուկ դառնային հայոց պետականութեան ու ժողովուրդին ինքնութեան պաշտպանման:
Ե. դարուն սկսող հայ մշակոյթի «Ոսկեդարեան շրջանը» կը դառնայ հիմնաքար` թարգմանական ինքնուրոյն հայ գրականութեան, աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական, գիտութեան, արուեստին եւ գեղարուեստին ու հայ ընկերային կեանքի ստեղծման եւ զարգացման․․․ Աւելին⇒