Պաաս կուսակցութիւն
Արաբական Ընկերվարական Պաաս Կուսակցութիւն (ԱԸՊԿ, արաբերէն՝ حزب البعث العربي الاشتراكي, Hizb Al-Ba'ath Al-'Arabi Al-Ishtiraki, Պաաս կը նշանակէ «վերածնունդ», «վերականգնում», «Արաբական Ընկերվարական Վերածնունդի Կուսակցութիւն») - քաղաքական կուսակցութիւն՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ։
Հիմնուած է 7 Ապրիլ 1947-ին, Դամասկոսի մէջ, Միշէլ Աֆլաքի եւ Սալահ էտ-Տին Ալ-Պիթարի կողմէ եւ սկզբնական շրջանին կոչուած է Արաբական Վերածնունդի Կուսակցութիւն։ 1954-էն սկսեալ, Աքրամ Հորանիի Արաբական Ընկերվարական Կուսակցութեան հետ միանալէ ետք, կը կրէ ներկայ անունը։
Հիմնական գաղափարախօսութիւնն է՝ «պաասականութիւն» (պաասիզմ), բանարաբականութիւն (բանարաpիզմ), արաբական ազգայնականութեան, արաբական ընկերվարութեան (սոցիալիզմի) եւ հակակայսերապաշտութեան (հակաիմբերիալիզմի) տարրերով։ Հիմնական նպատակը ընկերվարութեան եւ արաբներու միութեան ստեղծումն է։ Կարգախօսը՝ «Միութիւն, Ազատութիւն, Ընկերվարութիւն»։
1966-ին կուսակցութիւնը կը բաժնուի երկու ճիւղերու՝ սուրիական եւ իրաքեան։ Ներկայիս սուրիական ճիւղը կը մնայ իշխանութեան գլուխ Սուրիոյ մէջ՝ Պաշշար Ալ-Ասատի գլխաւորութեամբ։ 1968-2003 իրաքեան ճիւղը Սատտամ Հիւսէյնի գլխաւորութեամբ կառավարած է Իրաքը, սակայն 1 Մայիս 2003-ին, Իրաքի պատերազմէն ետք պաշտօնապէս լուծարքի ենթարկուած է, բայց կը շարունակէ իր ընդյատակեայ գործունէութիւնը շարունակել՝ Իզզադ Իպրահիմ Ատ-Տուրիի ղեկավարութեամբ։
Կուսակցութեան երկու ճիւղերը կը գործեն նաեւ արաբական այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Եմէն, Լիբանան, Պաղեստին եւ այլուր, սակայն քաղաքական իշխանութիւն չեն ներկայացներ։
-
Պաաս կուսակցութեան նշանակը
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Պաաս կուսակցութեան Ազգային ղեկավարութեան կայք (Ս. Հուսեյն)(արաբ.)
- Պաաս կուսակցութեան կայք (Պաշշար Ալ-Ասատ) Archived 2014-05-27 at the Wayback Machine.(արաբ.)