Պատմա-քաղաքական վէպը 1870-1880-ական տարիներուն
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Պատմա-քաղաքական վէպ, 1870 ական տարիներու կէսերէն գրական-մշակութային շարժումը կը ստանայ նոր բովանդակութիւն եւ կշռոյթ։ Այս փոփոխութիւնները արդիւնք են երկու շարքի ազդակներու.
Պատմական դէպքերու ընթացքը
ԽմբագրելՌուսիա եւ Թուրքիա տարբեր ձեւի ու չափի տագնապներու ենթակայ են։
Հետեւանք՝ հայութիւնը կը պահուի ճնշումի ծանր մթնոլորտի մը մէջ, յատկապէս Թուրքիոյ տարածքին։ Երկու կայսրութիւնները հակադրող պատերազմը (1876-1878) այլապես աղբիւր է թշուառութեան ու աւերներու։
Ընկերա-տնտեսական հոլովոյթը
ԽմբագրելԸնկերա-տնտեսական պայմանները 1875-1885 տասնամեակին՝ նոյնպէս իրենց ժխտական ներգործութիւնը կ'ունենան հայութեան հաւաքական կեանքին վրայ։ Քաղաքական հալածանքին ընկերացող տնտեսական կեղեքումը-հողազրկում,-վաշխառութիւն,-պանդխտացում, սով- կու գայ ամբողջացնելու պատկերը։ Քաղաքներու միջին կամ բարեկեցիք խաւերը միայն, աւելի կամ նուազ, զերծ կը մնան աղէտեն։
Այս կացութիան դէմ, հայութիւնը հաւաքաբար աւելի ու աւելի գիտակից կը դառնայ իր ազգային ինքնութեան․ «Հայկական Հարց»ի դրուիլը միջազգային գետնի վրայ՝ կը զուգադիպի այս տարիներուն։ Զանգուածին եւ մտածող երիտասարդութեան մէջ կը սկսին խմորումներ, որոնց մէջ կենսական դեր կը կատարեն քաղաքական իրականութեան հաղորդ եւ գաղափարական պատգամ բերող գրագէտներ, ինչպէս Ծերենց, Րաֆֆի, Յակոբ Պարոնեան եւ ուրիշներ։
Զուգահեռաբար, մշակութային շարժումը աւելի համատարած կը դառնայ, գրականութեան յղացքը կը յստականայ, կը զտուի։ ․