Պարի թանգարան (շուէտ.՝ Dansmuseet), կատարողական եւ տեսողական արուեստի թանգարան Սթոքհոլմի մէջ։ Բացուած է 1953-ին, Շուէտի թագաւորական օփերայի նկուղին մէջ։ Սկիզբը հոն ցուցադրուած է պարային արուեստի մեծ հաւաքածոյ մը, որ 1920-1925-ներուն կը պատկանէր Փարիզի Ballets suédois-ի առաջնորդ Ռոլֆ տէ Մարէին[2]: 1969-ին շուէտ պարուհի Քարինա Արի անունով կոչուող գրադարանը կցուած է թանգարանին եւ անոր համադրող նշանակուած է Պենկդ Հէակար: Գրադարանը կը պարունակէ Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ պարերու մասին գրականութեան ամենաընդարձակ արխիւը: Թանգարանը ներկայիս կը գտնուի Տրոդինկատան 17 հասցէին վրայ[3]: Գրադարանը որեւէ պետական միջոցէ չ'օգտուիր, քանի որ անիկա անձնական թանգարան է: Հաւաքածոյին մեծ մասը նիւթեր են Արեւմտեան Եւրոպայէն, որոնք կը թուագրուին 1500-էն մինչեւ 1850, Ի. դարու վերջին ամսագրերու ժողովածուն եւ հազարաւոր ֆիլմերու տեսերիզ գրադարան: Առկայ է նաեւ ռուսական պարերու մասին գիրքերու մեծ հաւաքածոյ մը[4]: 2017-ի դրութեամբ թանգարանին տնօրէնը եղած է Եւա-Սոֆի Էրնսդէլ[5]:

Պարի թանգարան
Տեսակ Թանգարան
Երկիր Շուէտ
Տեղագրութիւն Սթոքհոլմ
Տեսակ Թանգարան
Հիմնադրուած է 1953
Հիմնադիր Rolf de Maré?
Այցելուներ 61 462[1]
59°19′47″N 18°03′55″E / 59.32975°N 18.06539°E / 59.32975; 18.06539
Կայքէջ dansmuseet.se
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Թանգարանը Սթոքհոլմի մէջ տեղակայուած է 1920–1925-ականներուն Փարիզի պալեթի առաջնորդ, շուէտ արիստոկրատ, արուեստի հաւաքորդ Ռոլֆ տէ Մարէի (1888-1964) շնորհիւ: 1933-ին ան Փարիզի մէջ բացած է պարերու աշխարհի առաջին թանգարան-հետազօտական հաստատութիւնը: Les Archives internationales de la Danse դարձած է պարերու ուսումնասիրութիւններու յայտնի կեդրոն մը, ուր այցելուներ կու գային ամբողջ աշխարհէն՝ տեսնելու ցուցադրութիւնը կամ ուսանելու հսկայական գրադարանին մէջ։ Արխիւը նաեւ հրատարակած է իր սեփական ամսագիրը եւ գիրքերը, կազմակերպած է դասախօսութիւններ Պասիի շրջանին գտնուող գեղեցիկ շէնքին մէջ, որ Ռոլֆ տէ Մարէն կառուցած էր իր պարի կեդրոնին համար: 1940-ականներու վերջը ան փակած է իր աշխատանքը Փարիզի մէջ, եւ հաւաքածոներուն մէկ մասը նուիրածՖրանսայի նահանգին, որ զանոնք տեղաւորած է Փարիզի օփերայի թանգարանին եւ գրադարանին մէջ։ Փարիզի շուէտական պալեթէն ստացուող հսկայական հաւաքածոն եւ ոչ-եւրոպական հաւաքածոները Ռոլֆ տէ Մարէն բերած է Սթոքհոլմ՝ ձեւաւորելու պարի թանգարանը, որ ան բացած է 1953-ին՝ Թագաւորական օփերայի նկուղին մէջ:

Թանգարանը տեղակայուած է նոյն հրապարակին մէջ, ուր սկիզբէն կազմաւորուած է: Ներկայիս նոյն վայրին մէջ վերաբացուած է Մայիս 1999-ին[6]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Besöksutveckling centralmuseerna 2014-2015»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-05-02-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-02 
  2. Boldemann Marcus (10 December 2011)։ «Dansmuseet flyttar till bankpalats»։ www.dn.se։ Dagens Nyheter։ արտագրուած է՝ 6 June 2015 
  3. «Archives of the Dance: The Dance Museum, Stockholm»։ Dance Research (Edinburgh, Scotland: Edinburgh University Press) 4 (2): 78–80։ Autumn 1986։ ISSN 0264-2875։ JSTOR 1290728 
  4. Andersson Helén (1 July 2013)։ «En syssla för livet» [A chore for life] (Swedish)։ Gothenburg, Sweden: Framsidan։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 September 2013-ին։ արտագրուած է՝ 18 July 2017 
  5. Anna Ångström (1 September 2016)։ «Dansmuseets nya chef från Armémuseum»։ svd.se։ արտագրուած է՝ 11 March 2017 
  6. museum for performing arts and visual arts

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել