Պելճիքայի Հայերը

Հայերը Պելճիքայի մէջ հաստատուած են ուշ միջնադարուն՝ 15-րդ դարէն սկսած։ Անոնք կը զբաղէին առեւտուրով Պրիւկկէ, ինչպէս նաեւ՝ Պրիւքսէլ եւ Անդուերբէն քաղաքներու մէջ։ 19-րդ դարէն հայերու թիւը այստեղ սկսած է աւելնալ՝ ի հաշիւ արհեստաւորներու եւ ուսանողութեան. ի դէպ՝ Կանտի համալսարանը աւարտած է նաեւ հայ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանը, որու անունը կը յիշատակուի այդ համալսարանը աւարտած նշանաւոր մարդոց ցուցակին մէջ։ Ներկայիս Պելճիքայի մէջ կը բնակի 11.000 հայ։

1920-էն Պելճիքայի մէջ սկսած են հաստատուիլ թրքական ջարդերէն փախած հայ գաղթականներ։ Պելճիքական կառաւարութիւնը հայերուուն վտարելու փորձեր ըրած է։ Անոնք հիմնականին կը զբաղին առեւտուրով, կան իրաւաբաններ, բժիշկներ, ճարտարագէտներ։ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովուութիւնը, որու կեդրոնը Պրիւքսէլի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցին է, կազմաւորուած է 1990-ին։ Պելճիքահայ համայնքին մէջ տարբեր տարիներու ստեղծուած են բարեգործական, երիտասարդական միութիւններ, իսկ ազգային եւ մշակութային աւանդոյթները պահպանելու համար՝ ակումբներ, երգչախումբեր, պարախումբեր, թատերախումբեր։

1998-ին Պելճիքայի խորհրդարանը ճանչցած է Թուրքիոյ հայերու ցեղասպանութեան փաստը։ Պրիւքսէլի Անրի Միշօ հրապարակին մէջ կանգնած է Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող խաչքար (1997

Պրիւքսէլ

Խմբագրել

Պրիւքսէլի մէջ հայերը հաստատուած են Առաջին համաշխարհային պատերազմէն (1914-1918) ետք։ 2003-ին այստեղ կ՚ապրի մօտ 4 հազար հայ։ Պրիւքսէլի մէջ կը գտնուին Պրիւքսէլի Հայ գաղութային վարչութիւնը, Հայ ուսանողներու միութիւնը, ՀԲԸՄ Պրիւքսէլի մասնաճիւղը, Հայ տունը, Հայ տիկնանց միութիւնը, «Արբակ Մխիթարեան» հասարակական կեդրոնը։ Գործած են Հայկական ակումբը, «Արմենիա» երգչախումբը, «Սեւան» լարային քառեակը։ 1927-ին ապպա Ժան Նալպանտեանը բացած է «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» որբանոցը։ 1931-էն Պրէոաէլի համալսարանին մէջ գործած է հայագիտական ամպիոն՝ պատմաբան Նիկողայոս Ադոնցի ղեկավարութեամբ։ 1936-ին նոյն համալսարանին մէջ իր ուսումնառութիւնը անցած է Մեծի Տանն Կիլկիոյ ապագայ կաթողիկոս Զարեհ Ա. Փայասլեանը։ Պրիւքսէլի պատմութեան թանգարանին մէջ 1980-ին կազմակերպուած է «Հայկական ճարտարապետութիւնը 4-18-րդ դարերուն» ցուցահանդէսը։

Անդուերբէն

Խմբագրել

Հայերու թիւը Անդուերբէնի մէջ կը հասնի 1500-ի։ Այստեղ, ինչպէս Պրիւքսէլի մէջ, հայերու ձեռքին էր արեւելեան գորգերու վաճառքը, այսօր ալ տեղի հայերու մէկ մասը կը զբաղի առեւտուրով։ 1919-ին Անդուերբէնի մէջ գործած է Հայաստանի Հանրապետութեան (1918-1920) հիւպատոսութիւնը։ Համայնքի ազգային կեանքը կազմակերպած են Հայ կանանց միութիւնը, Հայ երիաասարդաց միութիւնը մշակութային կազմակերպութիւնները։

Ներկայիս Անդուերբէնի հայերու գլխաւոր հաւաքատեղին 1990-ին բացուած Հայ տունն է (տնօրէն՝ Տարօն Կարապետեան)։ Այստեղ կը կազմակերպուին դասախօսութիւններ, հանդիպումներ, ֆիլմերու ցուցադրումներ, մշակութային եւ բարեգործական միջոցառումներ։ Հայ տունը ունի պասքեթպոլի խումբ։ Ազգապահպան ծրագրերու իրականացման կը նպաստեն տեղի հայ մեծահարուստները։ Աչքի կը զարնէ յատկապէս ազգային բարերար Հ. Արսլանեանը, որ ունի ադամանդի վաճառատուն Անդուերբէնի մէջ եւ մասնաճիւղեր ափրիկեան շարք մը երկիրներու մէջ. 1994-էն Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոսն է Անդուերբէնի մէջ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։