Պէյպի պումըր (անգլ․՝Baby boomers), անգլիական եզր․ կը բնորոշէ Լուռ սերունդին յաջորդող եւ X սերունդին նախորդող ժողովրդագրական խումբը։ Պէյպի պումըր սերունդը կը ներկայացնէ ընդհանրապէս Ամերիկայի եւ Եւրոպայի այդ անձերը որոնք ծնած են 1946-1964 միջեւ։

Արեւմտեան աշխարհին մէջ սերունդներուն շարքը

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, ծնունդներու մեծ աճ մը կ՛արձանագրուի։ Տարբեր լրագրողներ, յետ պատերազմեան բնակչութեան աճը նկարագրած են որպէս պայթիւն մը, ինչպէս օրինակ՝ Սիլվիա Ֆ․ Բորթըր «Նիու Եորք Բոսթ» 4 Մայիս 1951-ի իր յօդուածին մէջ։ Ան յենուած է Ա․Մ․Ն․ բնակչութեան աճի եղելութեան վրայ՝ 2 357 000 նոր ծնունդներ 1950-ին։

«Պէյպի պումըր» որպէս խումբ, իրմէ նախորդող բոլոր սերունդներէն եղած է ամենէն հարուստը եւ աւելի մարզուածը։ Առաջին սերունդն է որ մեծնալով կը տեսնէ ծողովուրդին վիճակին բարելաւումը։ Սակայն, այդ սերունդն է որ քննադատուած է իր գերսպառողութեան համար։

Կարեւոր եղելութիւններ ձեւակերպած են Պէյպի պումըր ժամանակաշրջանի մշակոյթը, ինչպէս օրինակ՝ Պաղ Պատերազմը, զանազան շարժումներ (բնութեան միջավայրի, հակապատերազմական, բնապահպանման, եւայլն)։

Պէյպի պումըր եզր

Խմբագրել

Պէյպի պումըր եզր առաջին անգամ գործածուած է Daily Press-ին մէջ՝ 28 Յունուար, 1963։ Իսկ Օքսֆորտ համալսարանի Անգլիական բառարանը եզրին արդի մեկնաբանումը կը ժամանակագրէ Ուաշինկթոն Բոսթ թերթին մէջ 23 Յունուար, 1970-ին լոյս տեսած մէկ յօդուածին մէջ։ Բիու Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը, որպէս պէյպի պումըր կը բնորոշէ անոնց որ ծնած են 1946-1964 միջեւ։ Ա․Մ․Ն․ Ժողովրդագրական Գրասենեակը որպէս պէյպի պումըր կը բնորոշէ՝ «այդ անձերը որ ծնած են Ա․Մ․Ն․ մէջ 1946-1964 տարիներուն ընթացքին»։ Ա․Մ․Ն․ Պահեստի Դաշնակցային Խորհուրդը 1946-1964 ժամանակաշրջանը կը գործածէ բնորոշելու համար պէյպի պումըը-ները։ Աւստրալիոյ վիճակագրական Սպասարկութիւնը, ինչպէս նաեւ Աւստրալիոյ Ընկերական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը պէյպի պումըր կը բնորոշեն այդ անձերը, որոնք ծնած են 1946-1964 միջեւ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել