Պղպջակներու Ֆութպոլ (Պապըլ-Սաքըր)
Պղպջակներու Ֆութպոլ (Պապըլ-Սաքըր), մարզաձեւ մըն է՝ կիսովին պատուած ուռած կերպընկալէ պղպջակի մէջ, որ կը ծածկէ խաղացողին վերին մարմինը եւ գլուխը[1]։
2011-ին, պղպջակներու ֆութպոլը առաջին անգամ ստեղծուած է Նորվեկիոյ Հենրիկ Էլվեսթատի եւ Եոհան Կոլտընի կողմէ:
Խաղը տարածուած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, Լի Մոսլիի կողմէ:
Մինչեւ 2014, այս մարզաձեւը հասած է Նոր Զելանտա:
Ներկայիս ԱՄՆ-ի մէջ անիկա կը հովանաւորուի BBA-ի կողմէ[2]:
Իսկական ֆութպոլէն աւելի` այս մարզաձեւը կը նմանի էրպակերով ինքնաշարժներու մրցումի մը: Մարզիկները կը խոստովանին, որ իրենք հազիւ կը տեսնեն գնդակը եւ կը նախընտրեն զարնուիլ իրենց հակառակորդին: Ո՛չ շատ վտանգաւոր, սակայն ո՛չ շատ լուրջ մարզաձեւ մըն է: