Պուսթան (Պարսկերէն՝ بوستان) «Սաատի Շիրազեցի»ի երկու գլխաւոր գործերէն մին, Գիւլիստանի (կամ Կիւլիստան) կողքին։ Պուսթանը բանաստեղծութեան գիրք մըն է, ամբողջացած Քրիստոսէ ետք ՌՄԾԷ թուականին, եւ ձօնուած Սալղուրեան (Սելճուքներու տիրապետութեան տակ, Իրանի Ֆարս կամ Պարս կամ Փարս կոչուած շրջանին իշխան-ճորտերը, թուրքմենական ցեղին պատկանող) Աթապէք (Պարսկերէն՝ اتابک, իշխան-ճորտերու տիտղոս) Սաատ Ա-ին (առաջին) կամ Սաատ Բ-ին (երկրորդ)։

Պուսթան (Սաատի)

«Պուսթան»«Սաատի»-ի առաջին գործն է։ Կը պարունակէ «Սաատի»-ի երկարամեայ փորձառութիւններուն պտուղները, կեանքին վերաբերեալ անոր դատողութիւնները, եւ կազմուած է մանրավեպերու (անէքտոթներ) ընդարձակ հաւաքածոյէ մը։[1]

Ըստ «Պուքլըպպըն Համաշխարհային Գրադարանի»-ն (Անգլերէն՝ Bokklubben World Library), «Պուսթան»-ը կը դասուի որպէս բոլոր ժամանակներու 100 ամէնալաւ գիրքերէն մին։ Անիկա գրուած է մասնաւի (Պարսկերէն՝ مثنوي, Յանգաւոր Երկպատիկներ) ձեւով։[2]

Հնդկաստանի մէջ, ժամանակին, Պուսթանն ու Գիւլիստանը դպրոցական աշակերտներուն կը դասավանդուէին, եւ պէտք էր գոց (անգիր) սորվէին անիկա։[3]

Անուանում

Խմբագրել

Պարսկերէն Պուսթան (بوستان) բառը կը նշանակէ պտղատու պարտէզ, յառաջացած է Արաբերէն «Պուսթան» (بُستان) բառէն որ կը նշանակէ պարտէզ կամ այգի (զատ զատ արմաւենիներով) որուն մէջ կարելի է ցանք եւ ծառատունկ կատարել, հակառակ դէպքին կը կոչուի «Հատիքա» (حديقة):[4] Երբեմբ ալ կը թարգմանուի մրգաստան, կամ մրգանոց։

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Mozaffari, N., Siyanat, F., Khubanian, M.,Khansar, A. (2018). The Effects of Kindness in Saadi's Bustan. Theory and Practice in Language Studies. Vol 8, No 9.
  2. Iranian Studies in the Netherlands, J. T. P. de Bruijn, Iranian Studies, Vol. 20, No. 2/4, Iranian Studies in Europe and Japan (1987), 169.
  3. Nehru Jawaharlal։ Glimpses of World History։ Penguin Random House India։ ISBN 978-9-385-99006-9 
  4. Ալ Մաանի բառարան بستان