Հաֆէզի Ժողովածոն

Հաֆէզի Ոտոնաւորներու Ժողովածոն, կամ Հաֆէզի Դիւանը (Պարսկերէն՝ ديوان حافظ, Տիւանէ Հաֆէզ) մեծն Պարսիկ բանաստեղծ Հաֆէզ Շիրազեցիի բանաստեղծական ստեղծագործութիւններն են, մեծ մասամբ Պարսկերէնով գրուած, կարգ մը երկլեզու (Պարսկերէն ու Արաբերէն) բանաստեղծութիւններուն կողքին, բացի մէկ ամբողջովին արաբերէնով գրուած Ղազալէն։[1] Դիւանը կը բաղկանայ տարբեր կերպի բանաստեղծութիւններէ՝ Սիրային ոտանաւորներ (غزل,Ղազալ), Քիթաա (قطعة, Ղազալի տեսակ մը, մտքի շարունակականութիւն ունեցող երկտողերու շարք), Գեղօններ (Քասիտա, قصيدة), երկպատիկ (مثنوي, Մասնաւի) եւ Քառեակներ (رباعيّة, Ռուպաիիա)։ Ոչ մէկ փաստ կայ որ կարող է ապացուցել թէ Հաֆէզի բանաստեղծական ստեղծագործութիւնները կազմուած են իր կորսուած ոտանաւորներէն։ Ընդունուած Ղազալներուն թիւը չի հասնիր 500-ի․ 495 Ղազալներ Ղազւինի եւ «Ղանի»-ի հրատարակութեան մէջ, եւ 486 Ղազալներ «Նաթէլ-Խանլարի»-ի երկրորդ հրատարակութիւն, իսկ «Սայէհ»-ի հրատարակութեան մէջ 484 Ղազալներ։[2]

Հաֆէզի Ժողովածոյ
Հաֆէզի Ժողովածոյի ձեռագիրի առաջին էջը (1899)

Ընդհանուր Ակնարկ

Խմբագրել

Հաֆէզի Ժողովածոն (Դիւանը) հաւանաբար առաջին անգամ հաւաքուած է իր մահանալէն ետք «Մոհամմատ Կոլանտամ»-ի կողմէն։ Սակայն ըստ կարգ մը չհաստատուած տեղեկագրութեանց Հաֆէզն իր ժողովածոն հրատարակած է 1368 (770 Իսլամական՝ Հիճրի), ի նկատի ունենալով թէ անիկա խմբագրուած է իր մահանալէն աւելի քան քսան տարի առաջ, բայց այսպիսի տարբերակ մը չկայ։ Քանի մը նշանաւոր բնագիրներ կան Իրանի, Եւրոպայի եւ այլ տեղերու մէջ, որոնք կը պատկանին ԺԴ (14-րդ) դարուն, բանաստեղծին մահէն երեսունէն վաթսուն տարի ետք, եւ անոնցմէ ամենավաւերականը կը պարունակեն 500-էն քիչ Ղազալներ։ Յաջորդող տարբերակները կը պարունակեն 600 Ղազալներ եւ աւելի։ 1958-ին Փարւիզ Նաթէլ-Խանլարին հրատարակեց 813 Իսլամական Հիճրի թուականին (1427-1428) պատկանող ձեռագիր մը զոր կը պարունակէ 152 Ղազալներ բարւոք գրութեան տեսանկիւնէն։ Ածանցեալ ձեռագիրերը, երբեմն Պարսկերէնով գրուած , երբեմն թրքերէնով կամ Հնդկերէնով (ՈՒրտու լեզուն․ Հնդկերէն բայց Պարսկերէնի եւ Արաբերէնի մեծ ազդեցութեամբ) շարունակեցին յայտնուիլ յաջորդ չորս դարերու ընթացքին։ Հաֆէզը իր ժողովածուին մէջ գործածած է 23 ամանակ (Արաբերէն՝ وزن, Ուազն) եւ 101 տաղաչափային կշիռք (Արաբերէն՝ بحور عروضيّة, Պուհուր Ուրուտտիա[3]

Մինչեւ 1988 թուականը գիրքը ամբողջութեամբ կամ գիրքէն ընտրանիներ թարգմանուած են Ուրտուի (Հնդկերէնը՝ Արաբերէն ու Պարսկերէն մեծ ազդեցութեամբ), Փանճապերէնի, Սինտերէնի, Արաբերէնի, Անգլերէնի, Ֆրանսերէնի, Գերմաներէնի, Ռուսերէնի, Հայերէնի, Պուլկարերէնի, Չէքերէնի, Չինարէնի, Տանիերէնի, Հոլանտերէնի, Ֆինլանտերէնի, Յունարէնի, Հունգարերէնի, Իտալերէնի, Լատիներէնի, Լիթուերէնի, Նորւեկերէնի, Լեհերէնի, Փորթուկալերէնի, Ռումիներէնի, Սերպերէնի, Շուետերէնի, Սպաներէնի, եւ թրքերէնի։[4]

Ըստ Եարշաթէրի․ «ոչ մէկ Իրանցի բանաստեղծ արժանացաւ վերլուծութեան եւ մեկնութեան ինչքան Հաֆէզ Շիրազեցին։ Չկայ ուրիշ Պարսիկ բանաստեղծ ով կը կարենայ ճարտարել պարարտ երաւակայութեան, գրական ոճի, մետաքսէ բառերու եւ արտայայտութեանց ամենայարմար ու ճիշդ ընտրութեան այսպիսի համադրութիւն մը։[5] Հաֆէզը իր մեծ ազդեցութիւնը ունեցաւ իրեն յաջորդած քնարերգուներուն վրան»։ Ըստ մասնագէտներու եւ ցուցակագիրերու, Դիւանը (ժողովածոն) գրելուն այդ 400 տարուան ըթացքին, ԺԴ (14րդ) դարու վերջին տասնամեակէն մինչեւ 1791 թուականին (1206 Հիճրի, Իսլամական) Կալկաթայի մէջ իր հրատակութիւնը, այս գիրքը գրուած ու պատճէնուած է որեւէ ուրիշ գրական աշխատանքէ մը աւելի։[6] «Հաֆէզի Ժողովածոյ»-ի ձեռագիրներու թիւը մօտ 1700 է, որոնք ցրուած են ոչ միայն Իրանի մէջ, այլեւ այն աշխարհագրական տարածաշրջանին մէջ ուր Պարսկերէնը կայ, բոլոր հասարակական խաւերուն եւ նույնիսկ իշխանաւորներուն շրջանակին մէջ։ Պարսկախօս աշխարհին մէջ տարածումին տեսանկիւնէն, այս գիրքը կը գլէ ու կը գերազանցէ Պարսկերէնով գրուած բոլոր երեւելի ստեղծագործութիւնները։[7]

Հաֆէզի հրատարակուած բանաստեղծութիւնները կը ներառեն կատարեալ, կիսակատար, քննադատական, ոչ-քննադատական ժողովածուներ, վիմագրութիւն (Քարի վրայ փորագրուած արձանագրութիւն), գեղեցկագրութիւն, նմանագրութիւն (Անգլերէն՝ Facsimile), տպագրութիւն (Անգլերէն՝ Typography)։ Դիւանի (Ժողովածուի) առնուազն 300 տպուած օրինակներ յիշատակուած են 1988-էն ի վեր, եւ այդ ժամանակէն ատկից աւելին ի լոյս ընծաուած է։[8] Իրանցիներուն կեանքին վրայ Հաֆէզի ունեցած ազդեցութիւնը կարելի է տեսնել նախորդ սերունդներէն մինչեւ այսօր անոր բանաստեղծութիւններուն հանրաճանաչութեան շարունակումին եւ առօրեայ զրոյցներուն մէջ այդ բանաստեղծութիւններուն գործածումին մէջ: Այս անմահութիւնն ու ժողովրդականութիւնը իւրայատուկ արտացոլում մը յառաջացուցած է Պարսկախօսներուն մշակոյթին ու արուեստին մէջ, եւ արտացոլուած է բազմաթիւ գեղեցկագրողներու, նկարիչներու, գորգագործներու եւ արուեստագէտներու ստեղծագործութեանց մէջ։[9]

Հաֆէզի Բանաստեղծութիւնները

Խմբագրել

Երանի էր այդ պահը, երբ աչքիդ ծայրով կը նայէիր իմ աչքերուն, երանի էր, ա՜խ, երանի։

Եւ այդ սիրոյ ոսկեայ շողքը իմ երեսին կը յայտնուէր, երանի էր, ա՜խ, երանի:


Երանի էր, երբ հայեացքդ նախատինքով կը հառէիր իմ աչքերուն, շունչս առնելով,

Բայց շուրթներդ Յիսուսի պէս նոր շունչ կը պարգեւէին ինծի, երանի էր, ա՜խ, երանի:


Երանի էր մեր Խնճոյքը գարնանային, առաւոօտուն, ուր մենք էինք` ես ու եարս,

Եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը, մեզի հետ էր ամբողջ ժամանակ, երանի էր, ա՜խ, երանի:


Երանի էր այն ժամը, երբ քու աչքերու լոյսը վառեց ուրախութեան մոմը մարած,

Եւ իմ սիրտը թիթեռի պես թռաւ դէպի լուսեայ մոմը, երանի էր, ա՜խ, երանի:


Երանի էր վայելչագեղ մեր մաճլէսը, նստած էինք զուսպ, ինքնամփոփ,

Եւ ալ կարմիր գինին անզուսպ, անընկճելի կը քրքջէր, երանի էր, ա՜խ, երանի։


Երանի էր այն պահը, երբ սուտակ գինին գաւաթներու մեջ կը լեցուէր խանդավառուած,

Եւ շուրթերդ կը պատմէին հազար սիրոյ պատմութիւններ, երանի էր, ա՜խ, երանի:


Երանի էր այն ժամը, երբ գեղեցիկ եարս գոտեպնդված ՚ելլեր ճամփայ,

Եւ իր ձիու ասպանդակին մէջ կեռ, ոսեայ լուսինն էր որ կը փայլէր, երանի էր, ա՜խ, երանի:


Երանի էր այն ժամանակ, երբ մշտական օթեւանս գինետունն էր` հանգիստ, խաղաղ,

Եւ մզկիթին մէջ ինչ չունէի, այնտեղ էր որ կը գտնէի, երանի էր, ա՜խ, երանի:


Երանի էր, երբ սիրալիր քու աջ ձեռքը վարպետօրէն կը բարեզարդէր ու կը շտկէր,

Անմշակ ու խակ գոհարները Ղազալներուն Հաֆէզի , երանի էր, ա՜խ, երանի:[10]

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Moʿin 1996, p. 291.
  2. "HAFEZ iii. HAFEZ'S POETIC ART – Encyclopaedia Iranica". Encyclopædia Iranica. Retrieved 2021-04-21.
  3. Zereškian 2018, p. 2565.
  4. Niknām 1988, pp. 1–240.
  5. "HAFEZ i. AN OVERVIEW". Encyclopædia Iranica. Retrieved 2021-04-21.
  6. Neysārī 2007, էջ․ 655.
  7. Miransari 2011, pp. 837–838.
  8. Ḵorramšāhi 2007, p. 658.
  9. Semsār 2011, p. 723.
  10. Ժ․ Աբրահամեան էջ՝ 148։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հաֆէզ, Ղազալներ (Գազելներ) եւ քառեակներ, թարգմանութիւն՝ Ժորժ Աբրահամեան, Զանգակ Հրատարակչատուն, 2023, Երեւան։
  • Yarshater, “Hafez i. An Overview”, Iranica
  • de Bruijn, J. T. P. (2002). "Hafez iii. Hafez's Poetic Art". Encyclopædia Iranica. Retrieved 20 March 2019.
  • Yarshater, Ehsan (2002). "Hafez i. an Overview". Encyclopædia Iranica. Retrieved 10 March 2020.