Պրոկղ Կոստանդնուպոլսեցի

Պրոկղ Կոստանդնուպոլսեցի, (Պրոկլ) բիւզանդական աստուածաբան եւ եկեղեցական գործիչ, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք (434-446)։

Պրոկղ Կոստանդնուպոլսեցի
Ծնած է 390
Մահացած է 446
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Բիւզանդական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Բիւզանդական Կայսրութիւն
Հին Հռոմ
Կրօնք Ուղղափառութիւն եւ Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի[1]
Մասնագիտութիւն արքեպիսկոպոս, Կաթոլիկ քահանայ
Վարած պաշտօններ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք եւ Կաթոլիկ առաջնորդ արքեպիսկոպոս

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է շուրջ 370-ին, աշակերտած է Յովհան Ոսկեբերանին։ Նամակագրական կապեր ունեցած է Սահակ Պարթեւին եւ Մեսրոպ Մաշտոցին հետ։

Մահացած է 446-ին։

Գործեր

Խմբագրել

Պահպանուած են անոր բազմաթիւ ճառերը, ներբողները եւ դաւանաբանական թուղթերը։ Կարեւոր պատմական վաւերագիր է «Թուղթ սրբոյն Պրոկղի առ եպիսկոպոսունս Հայոց Սեծաց» ընդարձակ ուղերձը, ուր քննարկած է Նեստորի ու անոր գաղափարական նախորդներուն հայեացքները, խորհուրդներ տուած հայոց եկեղեցւոյ առաջնորդներուն զգուշանալ հերձուածողներէն, որոնք Մեծ Հայքի մէջ կը տարածեն ընդհանուր եկեղեցւոյ մերժած գիրքերը։ Պահպանուած է այդ թուղթին յունարէն բնագիրը եւ ասորերէն թարգմանութիւնը։ Հայերէն թարգմանութեամբ պահպանուած է Պրոկղի երկրորդ նամակը՝ «Թուղթ Պրոկղեայ եպիսկոպոսի առ Սահակ հայրապետ Հայոց եւ առ սուրբն Մաշտոց»։ Երկու նամակներն ալ կարեւոր աղբիւր են եկեղեցական գրականութեան եւ գաղափարական պայքարի վաղ շրջանի պատմութեան համար։ Պրոկղի գրութիւններուն զգալի մասը թարգմանուած է հայերէնի Ե. դարուն, որոշ գործեր ալ՝ հետագայ դարերուն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • «Մատենադարան հայկական թարգմանութեանց նախնեաց (դար Դ-ԺԳ)», Գարեգին Զարպհանալեան, Վենետիկ - Ս.Ղազար, 1889
  • «Գիրք թղթոց. Մատենագրութիւն նախնեաց», Թիֆլիս, 1901
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։