Արապեան Պօղոս Ապուշէխցի (1742[1][2], Ապուչեխ, Ակն[1][2] - 1835[1][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]), հայ տպարանատէր։

Պօղոս Արապեան
Ծնած է 1742[1][2]
Ծննդավայր Ապուչեխ, Ակն[1][2]
Մահացած է 1835[1][2]
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1][2]
Քաղաքացիութիւն Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն տպագրիչ, typist
Կ․ Պոլիսը Բիւզանդական շրջանին մանրամասն քարտեզ.

Ծնած է Ակնէն ոչ հեռու գտնուող՝ Ապուշէխ, գիւղին մէջ։ Հօրը հետ կը տեղափոխուի Պոլիս, ուր ժամանակաւորապէս կը զբաղի մանրավաճառութեամբ, իսկ այնուհետեւ աշակերտելով հօրը՝ տպագրիչ Յովհաննէս Աստուածատուրեանին՝ կը սերտէ եւ խորապէս կ՚ուսումնասիրէ ժամանակի տպագրական գործը։

Հետզհետէ կատարելագործելով ու լրացնելով հօր ստեղծած հայերէն տառաձեւերը ու զարգացնելով տպագրական աշխատանքի ոլորտի մէջ ունեցած կարողութիւնները, Պօղոս Արապեան կը ձեռնարկէ նաեւ վրացական ու թուրքական տպագրութեան հիմք դարձած առաջին տառաձուլուածքներու ստեղծումը։

1770-ական թուականներուն Պօղոս Արապեան՝ որպէս հմուտ գրաձուլիչ, Կ․ Պոլսոյ մէջ տպարան կը հաստատէ, որ իր ընդարձակութեամբ առաջին տեղը կը գրաւէր։ Այս տպարանէն ներս տպուած են մեծ թիւով պարբերական հանդէսներ՝ «Ազդարար Բիւզանդեան»[3], «Սուրհանդակ Բիւզանդեան», «Նոյեան Աղաւնի» եւ 1856-ին՝ «Զուարճախօս»-ը[4]։ 1820 թուականէն սկսած, այս տպարանին մէջ լոյս տեսած են՝ «Բան Հրաւէր Սիրոյ», «Պատմութիւն Մարինայ Կուսին», «Շարական» եւ այլ հոգեւոր բովանդակութեամբ գիրքեր։

Պօղոս Արապեան մահացած է Կ․ Պոլսոյ մէջ, իսկ տպարանը երկար ժամանակ գոյատեւած է մահէն ետք։[5]

Գրականութիւն

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել