Ռաֆայէլ Վահանեան

Ռաֆայէլ Արտիոմի Վահանեան (15 Հոկտեմբեր 1951(1951-10-15), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), ճատրակի ախոյեան։

Ռաֆայէլ Վահանեան
Ծնած է 15 Հոկտեմբեր 1951(1951-10-15) (73 տարեկան)
Ծննդավայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
 Խորհրդային Միութիւն
Մասնագիտութիւն շախմատիստ

1989-ին ԽՍՀՄ-ի ախոյեան։[1]

2014-ին, Երեւանի նուիրուած տօնակատարութեան շրջանակներուն մէջ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի, կրանտմասթըր Ռաֆայէլ Վահանեան, Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ միաժամանակ ճատրակի մրցում կը կատարէ 12 խաղատախտակներու վրայ: Վահանեան կ'արձանագրէ 9 յաղթանակ եւ երեք հաւասարութիւն` առանց պարտութիւն կրելու։[2]

2016-ին, Եւրոպայի ճատրակի վեթերաններու 16-րդ ախոյեանութեան յաղթականներուն, տղոց 50 տարեկան եւ վեր դասակարգին մէջ, Ռաֆայէլ Վահանեան կը հանդիսանայ երրորդ` տիրանալով պրոնզ մետալին։[3]

2017-ին, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի վեթերաններու ախոյեանութեան, 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 18 կէտ ապահովելով տիտղոսակիր կը հանդիսանայ Ս. Փեթերսպուրկի խումբը: Իսկ Հայաստանի հաւաքականը, որուն հետ ելոյթ կ'ունենան Ռաֆայէլ Վահանեան, Արտաշէս Մինասեան, Նորայր Քալանթարեան, Սերկէյ Գալդունց եւ Կարէն Մովսիսեան 15 կէտով կը հանդիսանայ փոխախոյեան։[4]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել