Ռաֆֆի Սվաճեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ռաֆֆի Սվաճեան, Վերոյիշեալ երիտասարդ ու տաղանդաւոր խմբավարին մասին «Այգ»ի մէջ կը կարդանք.
Ռաֆֆի Սվաճեան | |
---|---|
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Մասնագիտութիւն | երաժիշտ |
«Լիբանանի մէջ իր ասպարէզին սկիզբը կատարեց 1957 թուականին։ Մինչեւ 1961 պատրաստեց երգչախումբեր, ի յայտ բերելով խմբավարի անվիճելի շնորհք։ Պուրճ Համուտի հայահոծ կեդրոնին մէջ ունեցաւ իր ՇԱՀՄՈՒՐԱՏԵԱՆ երգչախումբը որուն մասին մամուլը արտայայտուեցաւ գնահատական ու խրախուսիչ ասղերով։ Այդ թուականէն ասդին Րաֆֆի Սվաճեան կը բաժնուէր իր ծննդավայր Պէյրութէն, երդալու համար Եւրոպա: Առաջին հանգրուանը եղաւ Մարսէյլը։ Ապա անցաւ Միացեալ Նահանգնր, ուրկէ ան Պէյրութ այցելեց»:
Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ունեցած գործունէութեան մասին խօսելով, Սվաճեան Կ'ըսէ.
«1968-ին հրաւիրուեցայ ղեկավարելու Պոսթրնի Հ.Բ.Ը.Մ.ի քնար երգչախումբը: Տուինք մէկ համերգ: 1968-ին հրաւիրուեցայ ստանձնելու տնօրէնութիւնը Պոսթընի Սբ. Յակոբ Մշակութային կեդրոնին: Հոն կազմեցի Սայեաթ-Նովա երգչախումբը: Այս խումբով եւս տուինք մէկ համերգ: 1969-ին հրաւէր ստացայ Նիւ Եորքի Հայ Մշակութային Միւթեան կողմէ պատրաստելու համար Կոմիտասի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան համերգի բաժինը: 1960-ի Յունիսին տուինք մեր տարեկան համերգը որ անցաւ շատ յաջող»:
Լիբանանէն մեկնելէ ետք իր ունեցած գործունէութեան մասին խօսելով խմբավարը կ'ըսէ.
«Պէյրութէն մեկնեցայ Մարսիլիա երաժշտական ուսումս շարունակելու: Բախտաւորութիւնը ունեցայ Մարսիլիոյ մէջ հանդիպելու Կոմիտասի 5 աշակերտներէն մէկուն՝ Վարդան Սարգիսեանի, որ տարիներէ ի վեր շեկավարած է ծանօթ ԱՐՄԵՆԻԱ երգչախումբը որ ինք հիմնած է: Իր փափաքին ընդառաջելով ստանձնեցի ղեկավարութիւնը ԱՐՄԵՆԻԱյի: Համերգաշար մը տուինք ֆրանսայի հայաշատ քաղաքներուն մէջ.- Մարսիլիա, Վալանս, Վիէն եւ Լիոն»:
Խմբավար Րաֆֆի Սվաճեամ ունի բազմաթիւ յօրինումներ, որոնք կը ծրագրէ դնել իր ապագայ երգացանկերուն վրայ։
Ինչ կը վերաբերի հայրենիք այցելելու իր ծրագրին մասին, ան կ'ըսէ.
«Տակաւին հայրենիք չեմ այցելած: Սակայն իմ մեծ ցանկութիւններէն մէկն ալ այդ է, տեսնել հայրենիքս եւ ղեկավարել անոր բեմին վրայ, մասնաւորաբար իմ սիրելի ուսուցիչին՝ Բարսեղ Կանանչեանի ստէղծագործութիւնները»: