Ռոբերտ Մարգարեան

Ռոբէրտ Մարգարեան (ծն.՝1969, Թեհրան), հայ բանաստեղծ։

Ռոբերտ Մարգարեան
Ծնած է 1969
Ծննդավայր Թեհրան
Քաղաքացիութիւն Թեհրան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ազդած է Հայ ժողովուրդը
Կարողութիւն Կը հիմնէ Լիբանանի առաջին երգի-նուագի համոյթը, «Սայեաթ-Նովա» անունով:
Աշխատավայր Աւարտած է գիտական Ֆաքիւլթէի բնագիտութեան ճիւղը
Տնօրէն Իրանի Իսլամական Հանրապետուդեան Ռատիօ-Հեռուստատեսութեան Հայերէն բաժնի հաղորդումներուն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Նոր սերունդի խոստմնալից գրողներէն Ռ. Մարգարեան ծնած է Թեհրան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ալիք, Գոհար եւ Քուշէշ-Մարիամեան դպրոցներուն մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Թեհրանի համալսարանին մէջ։ Աւարտած է գիտական ֆաքիւլթէի բնագիտութեան ճիւղը։ Ներկայիս տնօրէնն է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Ռատիօ-Հեռուստատեսութեան Հայերէն բաժնի հաղորդումներուն։

Գործեր

Խմբագրել

Գրել սկսած է 1983-ին։ Իր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են Թեհրանի «Ալիք», Հայաստանի «Ուրբաթ» թերթերուն եւ Ամերիկայի «Նաւասարդ» ամսագրին մէջ։

Զբաղած է նաեւ արուեստի քննադատութեամբ եւ այս ուղղութեամբ յօդուածներ ստորագրած՝ «Ալիք» օրաթերթին մէջ։

Հրատարակութեան համար պատրաստ ունի իր բանաստեղծութիւններու անդրանիկ հատորը «Կեանքը Զարկուած Թռչնի Թեւերի Վրայ» վերնագրին տակ։

Կատարած է թարգմանութիւններ իրանցի բանաստեղծներէ եւ ֆրանսացի յայտնի բանաստեղծ Ժաք Փռէվէռէն։

Երիտասարդ բանաստեղծը ինքնատիպ ոճով եւ հարազատօրէն կը պատկերացնէ ներկայ դարու մարդկութեան սպառնացող վտանգները եւ կը բաժնէ աղէտեալին վիշտը։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

[1]

  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։