Ռոպըրթ Զիլճեան
Ռոպըրթ Զիլճեան (14 Յուլիս 1923, Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 28 Մարտ 2013, Պրանսուիք, Քամբերլենդ շրջան, Մեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ծնծղաներ արտադրող համաշխարհային խոշորագոյն ընկերութիւններէն «Sabian Cymbals» ընկերութեան հիմնադիրը։
Ռոպըրթ Զիլճեան | |
---|---|
Ծնած է | 14 Յուլիս 1923 |
Ծննդավայր | Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մահացած է | 28 Մարտ 2013 (89 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պրանսուիք, Քամբերլենդ շրջան, Մեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մասնագիտութիւն | ձեռնարկատէր, երաժշտական գործիք շինող |
Կեանք եւ գործունէութիւն
ԽմբագրելԾնած է Պոսթըն։ Հայրը՝ Աւետիս Զիլճեան, որ 1909-ին Թուրքիայէն գաղթած էր Միացեալ Նահանգներ, 1927-ին նամակ ստացած է իր հօրեղբայր Արամէն, որմէ կը տեղեկանար, որ ժառանգորդ կը դառնար Զիլճեաններու աւելի քան 300ամեայ ընտանեկան գործին։
1928-ին, Աւետիս, եղբայրը՝ Բիւզանդ, եւ հօրեղբայրը՝ Արամ, սկսած են ծնծղաներ արտադրել Քուինսիի մէջ (Մասսաչուսէթս), իսկ յաջորդ տարի «Աւետիս Զիլճեան ընկ.» կազմուած է։ Ռոպըրթ՝ Աւետիսի կրտսեր տղան, 14 տարեկանին աշկերտ եղած է ընտանեկան գործարանին մէջ։
Բ. Աշխարհամարտին, Ռոպըրթ Զիլճեան ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ, իսկ վերադարձին՝ աւարտած է Տարթմութ գոլէճը։ Վերադառնալով «Զիլճեան» ընկերութիւնը, ստանձնած է Եւրոպայի մէջ առեւտուրի գործը եւ յաճախ ճամբորդած իր կնոջ՝ Ուիլիի հետ, որուն հետ ամուսնացած է 1951ին։
Զիլճեան ծնծղաներու առեւտուրը մեծապէս օգտուած էր ճազի վայելած ժողովրդականութենէն։ Գործերը անհամեմատօրէն աւելի մեծ տարողութիւն ստացած են 1964-ին, երբ Պիթըլզներու անդամներէն Ռինկօ Սթառը այդ ծնծղաները կը գործածէր խումբի ելոյթին՝ «The Ed Sullivan Show» հեռատեսիլի հռչակաւոր յայտագրի ընթացքին։
Հսկայ պահանջարկին հետեւած է արտադրութեան դանդաղումը, զոր դարմանելու համար երկրորդ գործարան մը բացուած է Նիւ Պրանսուիքի մէջ (Քանատա), 1968-ին։
«Սապեան» ընկերութիւնը
ԽմբագրելԸնտանեկան աւանդութեամբ, ընկերութեան պետը գաղտնիքները միայն անդրանիկ որդիին կը փոխանցէր, բայց Աւետիս Զիլճեան այդ տեղեկութիւնները հաղորդած է երկու որդիներուն՝ Արմանին եւ Ռոպըրթին։
1977-ին, Արման նշանակուած է ընկերութեան նախագահ, իսկ հօր մահէն ետք՝ 1979-ին, ստացած է ընկերութեան շահաբաժնի մեծամասնութիւնը։ Ռոպըրթ յետոյ ըսած է, թէ ասիկա «սոսկալի հարուած մըն» էր, որովհետեւ ինք կը վարէր գործի 80 առ հարիւրը։
Եղբօր հետ հակամարտութեան հետեւանքով, Ռոպըրթ բաժնուած է ընկերութենէն, իսկ 1981-ին հիմնած է «Սապեան» ընկերութիւնը քանատական երկրորդ գործարանին մէջ։ Քանի որ իրաւական պատճառներով չէր կրնար ընտանեկան անունը գործածել, որդեգրած է «Սապեան» անունը, իր զաւակներուն՝ Սալլի, Պիլ եւ Անտիի անուններով, որուն կցած է հայկական «եան»ը։
«Սապեան» շուտով մրցակից դարձած է «Զիլճեան»ին, եւ հիմնադրութենէն քառորդ դար ետք, արդէն տարեկան աւելի քան 1 միլիոն ծնծղայ կը ծախէր աշխարհի 120 երկիրներու մէջ։
«Սապեան» ծնծղաները գործածուած են հարուածային գործիքներու շատ նշանաւոր նուագողներու կողմէ[1]։
Ռոպըրթ Զիլճեան շարուանակած է իր ընկերութիւնը վարել մինչեւ վերջին տարիները[2][3]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ (անգլերէն) Interview with the late Robert Zildjian, founder of Sabian Cymbals, https://www.youtube.com/watch?v=dv30TRytOk4, վերցված է 2022-10-17
- ↑ «ՌՈՊԸՐԹ ԶԻԼՃԵԱՆ (մահ՝ 28 Մարտ, 2013)»։ Armenian Prelacy (en-US)։ 2022-03-24։ արտագրուած է՝ 2022-10-17
- ↑ «ROBERT ZILDJIAN Obituary (2013) Boston Globe»։ Legacy.com (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-10-17