Ռոս Պաղտասարեան

Ամերիկահայ դաշնակահար, երգիչ, երգահան, ձայնագրման արտադրող եւ դերասան․ յայտնի է իր բեմական Տէյվիտ Սեւիլ անունով։ Ամերիկահայ գրագէտ Ուիլիը

Ռոս Պաղտասարեան (բուն անունով՝ Ռոստոմ Սիփան Պաղտասարեան, 27 Յունուար 1919(1919-01-27)[1], Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2][3] - 16 Յունուար 1972(1972-01-16)[1], Պեվըրլի Հիլզ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4][5]), ամերիկահայ դաշնակահար, երգիչ, երգահան, ձայնագրման արտադրող եւ դերասան[6]․ յայտնի է իր բեմական Տէյվիտ Սեւիլ անունով։ Ամերիկահայ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանի մօրաքրոջ որդին։

Ռոս Պաղտասարեան
անգլերէն՝ Ross Bagdasarian Sr.
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Rostom Sipan Bagdasarian
Նաեւ յայտնի է իբրեւ David Seville
Ծնած է 27 Յունուար 1919(1919-01-27)[1]
Ծննդավայր Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2][3]
Մահացած է 16 Յունուար 1972(1972-01-16)[1] (52 տարեկանին)
Մահուան վայր Պեվըրլի Հիլզ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[4][5]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մայրենի լեզու անգլերէն
Ուսումնավայր Ֆրէզնոյի Երկրորդական Վարժարան
Տեսակ փոփ երաժշտութիւն
Մասնագիտութիւն դերասան, Հեղինակ ու կատարող, երգահան, հեղինակ, երգիչ, դաշնակահար, բանաստեղծ, հեռատեսիլի դերասան, երաժշտական պրոդյուսեր, շարժապատկերի դերասան, Հնչիւնաւորող
Աշխատավայր Warner Bros.?
Երեխաներ Ռոս Բաղդասարյան կրտսեր?

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Ֆրէզնօ (Քալիֆորնիա)։ Սան Եոաքին հովիտի շատ մը հայերու պէս, անոր հայրն ալ այգեգործ եղած է։

Պաղտասարեան իր թատերական գործունէութիւնը սկսած է Պրոտուէյի մէջ, ուր 1939-ին խաղացած է թերթավաճառի դերը իր զարմիկ Սարոյեանի նշանաւոր թատերախաղին՝ «Քու կեանքիդ ժամանակը»ի մէջ։

Օդուժի յիսնապետ եղած է Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին, 1941-1945ին Սեւիլլա (Սպանիա) տեղադրուած ըլլալով։ Ասկէ բխած է իր բեմական անունը՝ David Seville (Տէյվիտ Սեւիլ)։

«Եկ իմ տունը» անգլերէն երգը

Խմբագրել

Սարոյեանի հետ հայ ժողովրդական երգի մը մշակումը դարձած է «Եկ իմ տունը» անգլերէն երգը, որ Քէյ Արմէնի (1950) առաջին ձայնագրութենէն ետք, մէկ միլիոն օրինակ ձայնապնակ ծախած է դերասան Ճորճ Քլունիի մօր՝ Ռոզմէրի Քլունիի ձայնագրութեամբ (1951)։ Այս երգը ծախած է 750,000 օրինակ՝ մէկ ամսուան մէջ, ու գրաւած է ամենածախուած ձայնապնակներու առաջին տեղը։

«Witch Doctor» երգը

Խմբագրել

1952-1956ին կարգ մը շարժանկարներու մէջ մանր դերեր կատարելէ ետք, Պաղտասարեան իբրեւ երգիչ նշանաւոր դարձած է «Witch Doctor» երգով, որ Տէյվիտ Սեւիլի անունով լոյս տեսած է 1958-ին ու ծախած՝ 1,500,000 օրինակ։ Երգը զուգերգ մըն էր իր իսկական ձայնին ու արագացած ձայնային տարբերակի մը, զոր ստեղծած էր ձայնագրիչի մը արագութեան կոճակին հետ փորձեր ընելէ ետք։

Սկիւռներու եռեակը

Խմբագրել

Նոյն տարին, Պաղտասարեան ստեղծած է իր սկիւռներու եռեակը, որուն առաջին երգը՝ “The Chipmunk Song (Christmas Don’t Be Late),” հրապարակուած է Նոյեմբեր 1958ին եւ առաջին տեղը գրաւած՝ Նոր Տարիին, ծախելով 4 միլիոն օրինակներ առաջին ամիսներուն եւ շահելով երեք «Կրէմի» մրցանակներ։ Անոնք շարունակած են նոր ու յաջող երգեր հրապարակել 1959-1964ին։ 1961-1962ին, Պաղտասարեան արտադրիչն էր “The Alvin Show” հեռատեսիլի բազմանկարին (CBS կայանէն)[6]։

Ռոս Պաղտասարեան մահացած է սրտի կաթուածէ Պեւըրլի Հիլզի իր տան մէջ, եւ հրկիզուած՝ Լոս Անճելըսի մէջ։

Ան սկիւռները կտակած է իր կնոջ ու զաւակներուն։ Անոր անդրանիկ որդին, որուն անունը նոյնպէս Ռոս է, սկիւռները վերստին հրապարակ հանած է 1970ական թուականներուն իր կնոջ՝ Ճանիս Քարմանի հետ, եւ անոնց միակ սեփականատէրը դարձած է՝ եղբօրմէն ու քրոջմէն իրաւունքները գնելէ ետք՝ 1990ական թուականներու կէսերուն։

1987-ի «The Chipmunk Adventure» ժապաւէնէն ետք, եօթը երկարաշունչ շարժանկարներ նկարուած են 1999-ի եւ 2011-ի միջեւ[7]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել