Քէյ Արմէն (բուն անունով՝ Արմէնուհի Մանուկեան, 2 Նոյեմբեր 1915(1915-11-02)[1][2], Շիքակօ, Իլինոյս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 3 Հոկտեմբեր 2011(2011-10-03)[1][2], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[3]), հայազգի երգչուհի, երգահան եւ դերասանուհի։

Քէյ Արմէն
Ծնած է 2 Նոյեմբեր 1915(1915-11-02)[1][2]
Ծննդավայր Շիքակօ, Իլինոյս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մահացած է 3 Հոկտեմբեր 2011(2011-10-03)[1][2] (95 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[3]
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մայրենի լեզու անգլերէն
Մասնագիտութիւն երգչուհի, երգահան, դերասանուհի, հեռուստատեսային դերասան

Ըմպշամարտիկ Պոպ Մանակոֆի (Ռոպերթ Մանուկեան) դուստրն է եւ Պոպի Մանակոֆ կրտսերին մեծ քոյրը։

Ամերիկահայ երգչուհի Քէյ Արմէն ծանօթ անուն մը հանդիսացած է ամերիկեան ժողովրդական արուեստին մէջ 1940-1950ական թուականներուն։ Ան երեւցած է ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի, բեմերու եւ շարժապատկերի մէջ գրեթէ վեց տասնամեակ[4]։

Քէյ Արմէն առաջին անգամ երեւան եկած է ձայնասփիւռի միջոցով՝ Նաշվիլի մէջ, իսկ 1947-ին արդէն իր սեփական շաբաթական յայտագիրը ունէր։

Հանրածանօթ եղած է “Stop the Music” հարցումներու յայտագիրով, որ նախապէս ձայնասփռուած է, ապա անցած է հեռատեսիլին։ Ուիլիըմ Սարոյեան եւ իր զարմիկը՝ Ռոս Պաղտասարեան, Քէյ Արմէնի համար գրած են նշանաւոր “Come on-a My House” երգը, որ հետագային ձայնագրուած է Ռոզմէրի Քլունիի կողմէ։

Հեռատեսիլի մէջ, նշանաւոր դարձած է “Love and Marriage” կատակերգութեամբ, եւ բազմիցս երեւցած է միջոցառումներու մէջ։ 1955-ին, առաջին անգամ երեւցած է “Hit the Deck” երաժշտական կատակերգութեան մէջ, որ մեծ յաջողութիւն ունեցած է։ Այլ ժապաւէններու մէջ դերեր ունեցած է 1961-ին, 1980-ին եւ 1981-ին։

Գնահատագիրեր

Խմբագրել

Ի շարս այլ պատիւներու, 1995-ին, նախագահ Պիլ Քլինթընէն ստացած է արուեստներու ազգային պատուոյ շքանշանը, իսկ 2008-ին՝ «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կողմէ։

Քէյ Արմէն մահացած է 3 Հոկտեմբեր, 2011-ին, Նիւ Եորքի մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել