Ռոտոփի լեռնային միախառն անտառներ

Ռոտոփի լեռնային միախառն անտառներ․ Եւրոպայի ցամաքային բնապահպանման շրջան մը, ճշդուած Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամին (WWF) կողմէն։

Բնապահպանուած անտառախիտ շրջան
Ռոտոփի լեռնային միախառն անտառներ
Ռոտոփի լեռնային միախառն անտառներու տարածքը, PA0435
Երկիր Պուլկարիա, Յունաստան, Հիւսիսային Մակեդոնիա եւ Սերպիա

Աշխարհագրութիւն

Խմբագրել

Ռոտոփի լեռնային միախառն անտառները կ՛անտառեն Պալքանեան (Էմոս), Ռոտոփի, Ռիլա, Բիրին, Վիդոշա, Սրեդնա Կորա, Օկրազտեն եւ Մալեշեւօ լեռնազանգուածներուն բարձրադիր մասերը, ինչպէս նաեւ Յունաստանի, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ եւ Սերպիոյ յարակից քանի մը շրջաններ։ Անոնք կ՛ընդգրկեն 31600քլ² տարածութիւն մը եւ կը գտնուին Պալքանեան միախառն անտառներէն աւելի ցած բարձրութեան վրայ։

Կենդանական աշխարհ

Խմբագրել
 
Անտառապատ շրջան, Ռոտոփի լեռնաշղթայ, հարաւային Պուլկարիա

Ռոտոփի լեռնային միախառն անտառները ապաստանարան են շարք մը վտանգուած ստնաւոր տեսակներու, ինչպէս օրինակ՝ սրճագոյն արջերի, գայլի, Եւրոպական սամոյրի, Եւրասիական ջրասամոյրի, վայրի կատուի եւ քարայծի։ Ինչպէս նաեւ գիշատիչ թռչուններու՝ Արեւելեան արքայարծիւին, սեւ անգղին եւ սպիտակագլուխ անգղին։

Բնապահպանում

Խմբագրել

Ռոտոփի լեռնային միախառն անտառներու բնապահպահման շրջանը կը ներփակէ երեք ազգային պուրակներ, որոնք կը գտնուին Պուլկարիա․ Կեդրոնական Պալքան Ազգային Պուրակ, Բիրին Ազգային Պուրակ, (այս երկուքը արձանագրուած են որպէս Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան) եւ Ռիլա Ազգային Պուրակ։

[1] [2]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել