Ռուբէն Անդրէաս Փափազեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Ռուբէն Անդրէաս Փափազեան (11 Ապրիլ 1806, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1857),հայ վարժապետ։
Ռուբէն Անդրէաս Փափազեան | |
---|---|
Ծնած է | 11 Ապրիլ 1806 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1857 |
Մասնագիտութիւն | ուսուցիչ |
Տէր Մանուէլ քահանայի որդի՝ Տ. Յարութիւն քահանայի զաւակն էր Ռուբէն Փափազեան, որ ծնած էր Պոլսոյ Խասգիւղ թաղը՝ 11 Ապրիլ 1806-ին։
Անդրէաս իր ինը եղբայրներուն մէջ՝ անդրանիկը, կը յաճախէր Նէրսէսեան Վարժարանը, ուր քիչ ժամանակուան ընթացքին Քերականութիւն սովրեցաւ՝ հռչակաւոր Յովհաննէս Պատուելիէն։
13-14 տարեկան դպրոցէն ելլելով շուկայ գնաց, սակայն ուսման սէրէն մղուած, պարապ ժամանակներուն, դաս առնել սկսաւ Գրիգոր վարժապետ Փեշտիմալճեանէն։ Իր ուսման մէջ զարգանալը լսելով, Պօղոս Պարիարք զինք իր փոքրաւորը ըրաւ եւ սարկաւագ ձեռնադրեց։
Փոքրաւորութեան ժամանակ կը շարունակէր տակաւին իր ուսմունքը՝ աշակերտելով Գէորգ Պատուելի Չափրաստիճանի։
Քսան տարեկանին իր ունեցած փափաքը կրցաւ իրագործել, այն է Եւրոպա երթալ աւելի յառաջացնելու համար իր մտաւոր պաշարը, օրերով ու ամիսներով ծովերու վրայ չարչարուելէն ետք, վերջապէս հասաւ Իտալիա, ուր մնաց հինգ տարի եւ հոն յաջողեցաւ ուսանիլ իտալերէն ու լատիներէն լեզուները։
1831-ին վերադարձաւ Զմիւռնիա, ուր Մկրտիչ Նուպարեանի առաջարկութեամբ, Մեսրոպեան վարժարանին մէջ իտալերէն եւ հայերէն լեզուներու ուսուցութեան ու ներքին վերատեսչութեան պաշտօնը ստանձնեց։