Ռուբէն Էճզաճեան
Ռուբէն Էճզաճեան, բնիկ նիկտեցի, ուր ծնած է 1878-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Ապա կը մտնէ Տարսոնի Գոլէճը, ուրկէ կ'անցնի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը եւ 1901-ին շրջանաւարտ կ'ըլլայ Դեղագործական բաժինէն։ Կը պաշտօնավարէ Հալէպ՝ Փայփըրի հիւանդանոցը՝ որպէս դեղագործ։ Պատերազմին կը ծառայէ թրքական բանակին մէջ, դեղագործ սպայի աստիճանով։ Այն ատեն է որ մեծ աջակցութիւն կ'ընծայէ հետզհետէ Սուրիա եկող մեր գաղթականական զանգուածներուն։ Զինադադարէն յետոյ կը հաստատուի Պէյրութ եւ կը բանայ իր դեղարանը։ Զբաղած է նաեւ հնութիւններու գործով։ Մահացած է Պէյրութ 1930-ին։ Ռուբէն Էճզաճեան տակաւին ծանօթ է զինք ճանչցողներուն որպէս անշահախնդիր, ճշմարիտ հայ։ Ունեցած է բազմամեայ եռանդուն ազգային գործունէութիւն։ Բարեկամներ եւ հիացողներ շիրիմ մը կանգնեցին իրեն համար։ Ամուսնացած է Հալէպի ծանօթ ընտանիքներէն Օր. Սաթենիկ Թօփճեանի: Ունեցած է երկու զաւակ՝ Պետրոս (պաշտօնեայ երկաթուղիի ընկերութեան մէջ) եւ Աստղիկ (այժմ Տիկ. Մանուկեան)[1]:
Ռուբէն Էզաճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1878 |
Մահացած է | 1930 |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Դեղագործ |
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 428։