Ռուսական Թատրոն

Ռուսական թատրոն, թատրոն՝ Ռուսաստանի մէջ։ Թատերարուեստի բազմազան տարրեր բովանդակած են ռուսական ժողովրդական թատերական խաղերը, ծէսերը։ Այդ խաղերը, թատերական ներկայացման վերածուելու գործընթացին, նպաստած են ռուս թափառաշրջիկ դերասանները՝ սքորոմոխները (ռուսերէն բառ, այսինքն՝ հին Ռուսիոյ թափառաշրջիկ դերասան, անգլ.՝ Scaramouch)։

Թատրոն, ֆարս (զաւեշտ), Քուզմա Փեթրով-Վոտքին

Մինչ 17-րդ դար

Խմբագրել

Դերասանական գործունէութիւնը Ռուսաստանի մէջ յայտնի է վաղ ժամանակէն, կապուած էր կրօնական տօնախմբութիւններու կամ հեթանոսական ծիսակատարութիւններու հետ։

Միջնադարեան ռուս դերասանները՝ խեղկատակները (անգլ.՝ Scaramouche)(скоморохи), յայտնի են 11-րդ դարէն։ Իրենց շարքին էին երաժիշտներ, երգիչներ, պարողներ, զուարթախոհներր (անգլ.՝humorist), վայրի կենդանիներ վարժեցնողներ (յատկապես արջեր վարժեցնողները)։ Անոնք աղքատ մարդիկ էին, որոնք չունէին տուն ու տեղ, հագուստ եւ կարիքը կը ստիպէր իրենց զբաղիլ այդ գործով։ Յաճախ իրենք կը համախմբուէին եւ խումբով կը ճամբորդէին Ռուսաստանի մէջ եւ ողորմութիւն կը խնդրէին5 փոխարէնը կը ցուցադրէին իրենց տաղանդը։ Շուտով իրենք քաղաքային հրապարակներուն մէջ սկսան փոքր բեմահարթակներ՝ վերնայարկեր (պալականներ պարսկերէն՝ պալախանա - hայերէն՝ վերնայարկ) կառուցել՝ ապրելու եւ հանդիսատեսներուն ընդունելու համար։

Պալականեան ներկայացումները տեղի կ\ունենային ուղիղ սահմանուած ամսաթիւերուն, որպէս կանոն, Բարեկենդանին, Զատիկին եւ այլն[1]։


Թէեւ պաշտօնապէս Ռուսաստանի մէջ առաջին վերնայարկը կապուած է Պետրոս Ա. արքայի (Peter the Great) անուան հետ, այնուամենայնիւ ժողովրդական ներկայացումները Ռուսաստանի մէջ վաղուց յայտնի էին։

Խեղկատակներու դիմակներ

Թատերական իրերէն ռուս դերասանները կ'օգտագործէին տիկնիկներ, դիմակներ, պատկերարկղներ, առաջին երաժշտական գործիքներ՝ տաւիղներ, շուիներ, «տուտուկներ» (այսինքն՝ ծիրանափող) եւայլն։ Սակայն վերնայարկերը տակաւին երկար ժամանակ կը շարունակէին գոյութիւն ունենալ որպէս տօնավաճառային ներկայացումներու վայրեր եւ նոյն այդ տօնավաճառներուն, քաղաքային եւ շուկայական հրապարակներուն վրայ ցուցադրուող ներկայացումներն ալ ստացան այդ վերնայարկերու անուանումները։ Վերնայարկեան ելոյթներուն նիւթը «սիւժէ»ն (այսինքն՝ նիւթը - ֆրանս.՝ sujet - անգլ.՝ the plot or subject) եւ զուարթամտութիւնը՝ «հումորը» կոպիտ էին, հիմնականօրէն բնախօսական թեքում ունէին («ֆիզիոլոգիական» այսինքն բնախօսական - անգլ.՝ physiological) . անոնք ժողովուրդին համար ներկայացումներ էին եւ թեմաներն այնպէս կ'ընտրուէին, որ հասկնալի ըլլար հասարակութեան ստորին խաւերուն։ Այդ իսկ պատճառով «պալական» վերնայարկ բառը ժամանակի ընթացքին ձեռք բերաւ այլ երանգ եւ սկսաւ նշանակել «անճաշակ մարդկանց աղմկոտ հաւաքատեղի»։ Սակայն «պալականեան» վերնայարկեան ելոյթներուն նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը ռուսական թատերական արուեստին մէջ նկատի չառնել անհնար էր։

Պալականի (վերնայարկի) հանդէպ այդ անփոյթ վերաբերմունքը ի յայտ եկած էր 19-րդ դարուն, երբ տօնավաճառները եւ ժողովուրդական տօները, որոնք Ռուսաստանի քաղաքային կեանքին մէջ նշանակալի տեղ կը գրաւէին, խոր մասնագիտական ուսումնասիրութեան առարկայ չդարձան։ Աւելի ուշ՝ 20-րդ դարու սկիզբը, ստեղծուեցաւ արուեստի եւ մշակութային աշխատութիւններ, որոնք «պալականը» վերնայարկը կը դիտէին համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան բնագիրին մէջ (Աբրահամ Լէյֆըրթ, Եուրի Լոթման (Yuri Mikhailovich Lotman), Միխայիլ Պախթին (Mikhail Mikhailovich Bakhtin) եւայլն)։ «Պալականը» վերնայարկը լրջօրէն ուսումնասիրուած է նաեւ թատերական կիրառողներու կամ գործադրողներու (անգլ.՝ practitioners) կողմէ՝ Վսեւոլոտ Մէյերխոլտ (գերմ.՝ Karl Kasimir Theodor Meyergold), Ալեքսանտր Պլոք (Alexander Alexandrovich Blok) եւ այլն։ «Պալականի» վերնայարկի, ինչպէս նաեւ ամբողջ ժողովրդական թատրոնի հանդէպ վերաբերմունքը արմատապէս փոխուեցաւ[1]։

17-րդ դար

Խմբագրել
Արտամոն Մատվեև

Առաջին արքայական թատրոնը Ռուսաստանի մէջ կը պատկանէր Ալեքսէյ Միխայլովիչ արքային եւ գոյատեւած է 1672-1676 թուականներ։ Թատրոնի սկզբնաւորումը կապուած է կալուածատէր Արթամոն Մաթվէեւի (Artamon Matveyev) հետ՝ կրթուած անձնաւորութեան մը, որ կ'ընդունէր արեւմտեան մշակոյթը եւ խորհուրդ տուած է ռուս արքային, որ զուարճանքի բազմազան միջոցներ կը փնտռէր, եւրոպական թատրոնի օրինակով թատրոն մը ստեղծել։ Արթամոն Սերկէեւիչը անձնապէս յանձն առաւ իր իսկ առաջարկին կատարեալ լուծման՝ հրամայելով Մոսկուա ապրող գերմանական սլոպոտայի (Sloboda, այն բնակավայրը, ուր բնակողները ազատ էին պետական պարտաւորութիւններէն), քահանայ Եոհան Կոթֆրիտ Կրեկորիին, որ զբաղի թատերախումբի դերասաններու հաւաքագրութեամբ[2]։ Քահանան ո՛չ միայն յանձն առաւ նորեկ դերասաններուն (64 երիտասարդներ, որոնց հաւաքած էր եւ կը համոզէր իրենց դերասան դառնալ), այլեւ աստուածաշնչական նիւթով ներկայացում մը գրեց եթերի մասին, որ փրկած է հրեաները Ամանի վայրագութիւններէն։ Ներկայացումը ստացաւ «Արտաքսերքսեան գործողութիւն» (refer to king Artaxerxes of Persia) անուանումը եւ գրուած էր հեղինակի մայրենի լեզուով՝ գերմաներէնով, սակայն որոշուեցաւ զանիկա բեմականացնել ռուսերէն լեզուով։ Այդ իսկ պատճառաւ հաւաքագրեցին բոլոր թարգմանիչները Պոսոլսկի գերատեսչութենէն, ներկայացման բնագիրը բաժնեցին քանի մը անհաւասար մասերու եւ բաժնեցին թարգմանիչներուն։ Երբ ամբողջ ստեղծագործութիւնը թարգմանուեցաւ, պարզուեցաւ որ բնագիրը զուրկ է ամբողջականութենէ։ «Էսֆիրի» սկիզբը գրուած էր շատ մանրակրկիտ ձեւով՝ բանաստեղծական ոճով, իսկ բնագիրին մէջտեղի մասը յանկարծ կը վերածուէր արձակի։

Հաւանական է, որ ո՛չ բոլոր թարգմանիչները գերազանց կը տիրապետէին գերմաներէն լեզուին, այդ իսկ պատճառաւ բնագիրը մօտաւորապէս թարգմանած էին։ Սակայն բացառուած չէ նաեւ այն, որ առանձին թարգմանիչներ այնպէս կառռւցած էին ներկայացումը, որ գերմաներէն բնագիրը առաւելագոյնս մօտեցուցած էին ռուսական իրողութեան։ Յամենայն դէպս հեղինակը անձնապէս չէր պնդեր, որ ամէն ինչ մանրակրկիտօրէն թարգմանուէր։ Քահանային համար այդ նշանակութիւն չունէր, քանի որ ներկայացումը արքան «պատուիրած» էր։ Արքան շատ կը փափաքէր բարելաւել յարաբերութիւնները Պարսկաստանի հետ եւ ներկայացումն ալ այդ երկրի մասին էր[3]։

Սկիզբը ներկայացումը նախատեսուած էր բեմադրել արքայական իշխաններէն մէկուն տան մէջ, սակայն գործը լուրջ մօտեցում կը պահանջէր եւ շուտով արքային մերձմոսկովեան բնակավայրի՝ Փրէոպրաժենսքի գիւղին մէջ կառուցուեցաւ իսկական թատերական կառոյց։

1672 թուականի Հոկտեմբեր 17-ին կայացաւ այդքան սպասուած թատրոնի բացումը եւ առաջին ներկայացումը։ Այդ կարեւոր իրադարձութեան ներկայ էին ինքը՝ արքան եւ անոր բոլոր մօտիկ կալուածատէրերը։ Յատուկ օթեակին մէջ կը գտնուէր թագուհին եւ իր պալատական տիկնայքը։ Ներկայացումը տեւած է 10 ժամ, արքան դիտած է ողջ ներկայացումը եւ շատ գոհ մնացած։ Երբ ներկայացումը կ'աւարտի, հանդիսականները անմիջապէս կ'երթան բաղնիք, քանզի կը կարծէին, որ այդպիսի «գործողութենէն» ետք անհրաժեշտ էր մաքրել բոլոր մեղքերը։ Թատրոնը այդ ժամանակ կը համարուէր ամօթալի։ 1673 թուականին որոշ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան։ Թատրոնը տեղափոխեցին մէկ այլ կառոյց։ Թատերախումբի դերասանական կազմը նոյնպէս յաւելեալ դերասաններ ունեցաւ[4]։ Ինչպէս իր յօդուածին մէջ կը պատմէ Եուրի Մոսքալենքոն[3]. «Յայտնի է նաեւ Եոհան Կրեկորիի վարձատրումը։ Առաջին ներկայացումին համար, որ այդքան հաճոյացուց արքային, գերմանացի քահանան ստացաւ 100 ռուբլիանոց 40 սամոյր (соболь, ռուս. դրամական միաւոր) եւ քանի մը հատ ալ 8 ռուբլիանոց։ Բացի այդ արքան փափաքեցաւ նայիլ բոլոր դերասաններուն աչքերուն մէջ եւ անոնք բոլորն ալ ներկայացան», իսկ ինքը՝ թատերագրողը, սկսաւ նոր ստեղծագործութիւն գրել։

Արդեն 1673 թ Եոհանը երկրորդ ներկայացումը բեմադրեց։ Անիկա կոչուեցաւ «Յուդայի գիրքէն կատակերգութիւն մը» (Комедия из книги Иудифь) կամ «Օլոֆերեւեան գործողութիւն», ուր կրկին աստուածաշնչեան նիւթ էր հրեայ կնոջ մը՝ Յուդայի մասին, որ հասաւ թշնամիին ճամբարը եւ կտրեց ասորի զօրապետ Օլոֆերեւի գլուխը[5]։


Սակայն 1676 թուականի Յունուար 29-ին, երբ մահացաւ Ալեքսէյ Միխայլովիչ արքան, մահացաւ եւ առաջին ռուսական արքայական թատրոնը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել