Սազ
Սազ, լարային-կսմիթային նուագարան։ Տարածուած է Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Տանձաձեւ իրանը (թթենիէ կամ ընկոյզենիէ) ծածկուած է բարակ կափարիչով, որու վրայ կան ձայնադարձիչ անցքեր, կոթին զետեղուած են փարդաներ։
Լարերը մետաղեայ՝ բաժնուած են 3 կամ 4 երկանդամ կամ եռանդամ խումբերու։ Առաջին խումբը մեղեդիական նշանակութիւն ունի, 2-րդը՝ ձայնառութեան, 3-րդը՝ լրացուցիչ ներդաշնակային, մաս մըն ալ մեղեդիական։
Լարուածքը սովորաբար կուարտա-կուինտային է, փարդաներու օգնութեամբ կատարուող հնչիւնաշարը, որպէս կանոն, դիատոնիկ։ Կը Նուագեն ոսկրեայ կամ եղջիւրեայ կնտնտոցով՝ հարուածելով բոլոր լարերուն միաժամանակ, ուստի մեղեդին շարունակ կ'ուղեկցուի ներդաշնակային գունեղ հնչումով։ Դեմպրը զնգուն է, բայց փափուկ։
Հայաստանի մէջ սազը ընդհանրապէս աշուղական նուագարան է: Իր երգեցողութեանը սազով նուագակցած է, օրինակ Շիրինը։ 1925 թուականին Վ․ Բանին իր Արեւելեան սիմֆոնիկ նուագախումբի համար ստեղծած էր սազերու ընտանիք՝ ճուռա, չոնգուր, սազ-բարիտոն եւ բաս (ներկայիս գործածական չէ)։ Սազերու ունիսոն խումբ կիրառուած է Հայկական ժողովրդական երգի ու պարի պետական հաւաքոյթին մէջ (մինչեւ 1957 թուականը)։
Սազը յիշատակուած է «Սասունցի Դաւիթ» էպոսին մէջ։