Սահակ Քհնյ. Մոմճեան

Սահակ Քահանայ Մոմճեան աւաղանի անունով՝ Պերճ, (ծն.՝ 1867, Թապ - Սեպտեմբեր 22 1915):

Սահակ Մոմճեան
Ծնած է 1867
Ծննդավայր Թապ
Մահացած է Սեպտեմբեր 22, 1915
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Քահանայ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք ծխական վարժարանը, կը յաճախէ Վարդանեան Կրթարան ը, զոր կ'աւարտէ 1888-ին։ Այդ թուականէն կը սկսի իր գործունէութիւնը։ Ազգասիրական եւ հայրենասիրական զգացումներով տոգորուած կը նուիրուի իր ժողովուրդին ծառայութեան։ Նոր սերունդին օգտակար դառնալու նպատակով, կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ։

իբրեւ անխոնջ մշակ, վարած է կրթական կարեւոր պաշտօններ՝ Այնթապի, Հալէպի եւ մանաւանդ Քիլիսի մէջ։ Տարիներու ծառայութեան մէջէն, ի յայտ կու գայ իբրեւ անձուէր, գործունեայ ու չափազանց ազգասէր երիտասարդ մը։

1895-ին դէպքերէն առաջ, իր ազգային զգացումները առաւել զօրացնելու եւ գաղափարական ընտանիքի ու այնուհետեւ իր գործունէութեան դաշտը ընդարձակելով, մեծ ծառայութիւններ մատուցած է իր ժողովուրդին՝ գաղափարական ճամբով։

1900-ին, Պերճ՝ քահանայ կը ձեռնադրուի, վերակոչուելով Տէր Սահակ: Իր հասկացողութեամբ, ազգին ծառայելու յարմարագոյն միջոցը՝ եկեղեցական ասպարէզն է։

1902-ին, ան մեկնած է Արմաշի դպրեվանքը՝ ուսումը կատարելագործելու եւ կրօնական գիտելիքներու հարստացնելու համար։ Ուսումը աւարտելէ ետք, տարի մը քահանայագործած է Իսկէնտերունի մէջ, ապա անցած Այնթապ։ Իսկ մինչեւ տարագրութեան տարին, հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Քիլիսի հայ գաղութիւն եւ իբրեւ գաղափարապաշտ եկեղեցական՝ նուիրուած է եկեղեցուոյ եւ գաղութի կեանքին կազմակերպումին։

1909-ի Ատանայի ջարդէն ետք, եկեղեցական առաքելութեամբ՝ երկու անգամ մեկնած է Անտիոք եւ ապա՝ Սուէտ իոյ հակայկական գիւղերը ու տեղւոյն հայ ընտանիքներու մատուցած գնահատելի ծառայութիւններ։

Երբ տարագրութեան նախօրեակին Զէյթունի, Մարաշի ու Ֆրնտրճագի ազգաբնակչութեան բռնագաղթը կը սկսի, Սահակ Բ. Կաթողիկոսի կողմէ պարտականութիւն կը տրուի Տէր Զօր, Անէ ու Մաան անապատները։

Իբրեւ արթուն հոգեւոր հովիւ, երբ գուշակած է հայ ժողովուրդին բնաջնջումի ծրագիրը, թաց աչքերով ու քայքայուած ֆիզիքականով՝ վերադարձած է Հալէպ, ուր առանց դարման գտնելու իր հայ ու մաշ կազմին, սկսած է դարմաններ փնտռե՝ լ տարագիր ու հիւանդ հայրենակիցներուն։ Իր կորսուած առողջութեամբ ապահոված է նիւթական միջոցներ ու ձեռնարկած՝ որբանոց-այրիանոցի մը հաստատումին։ Շնորհիւ իր ջանքերուն՝ այդ ծրագիրը իրագոծուած ու 1915-ին կառավարութեան առաջնորդութեամբ՝ այդ բարեսիրական հիմնարկը կեանքի կոչուած է, իր յարկին մէջ ընդունելով տարագիրերու զաւակները։

Վախճան Խմբագրել

Իր ազգին չարչարանքը, բնաջնջումը ու բոնագաղթը ամէն օր քիչ մը աւելի մաշեցուցած են զինք, աայնքան որ հուանդացած ու կարճ ժամանակ անկողնին ծառայելէ ետք, վախճանած է 22 Սեպտեմբեր, 1915-ին, քառասունութ տարեկանին։

Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի կ'ունենայ մեծ շուքով ու բազմահարիւր հայ տարագիրներու ներկայութեամբ։

Հաւատացեալներ աջահամբոյրով իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցանելէ ետք, Տէր Զօր մարմինը ամփոփուած է Հալէպի Ազգային Գերեզմանատունը:

Իսկ 1919-ին, աճիւնները փոխադրուած են Այնթապ՝ ընտանեկան դամբարանը[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 74։